Հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ 450–451 թուականներուն «Յանուն հաւատքի և հայրենեաց» ազատագրական պատերազմի (Վարդանանց պատերազմ) առաջնորդն է:
Մեծարուած է Քաջ Վարդան եւ Կարմիր Վարդան պատուանուններով:
Արձանի բաղադրութիւնը՝ կոփածոյ պղինձ եւ աւազաքար,
հեղինակ` Երուանդ Քոչար, ճարտարապետը՝ Ստեփան Քիւրքչեան։
Տեղադրուած է 1975 թուականին, Օղակաձեւ այգիին մէջ, Խանջեան եւ Վարդանանց փողոցներու խաչմերուկին վրայ, Երեւանի Կինոյի Տան դիմաց:
Բարձրութիւնը պատուանդանի հետ՝ մօտաւորապէս 15 մեթր է:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: