«Վարք յաւերժութեան» անուանումով խորհրդանշական քանդակը նուիրուած է հայերէն ամենամեծ մագաղաթեայ «Մշոյ ճառընտիր» ձեռագիր մատեանին։ Քանդակը Դաւիթ Երեւանցիի նուէրն է Մայր Հայաստանին՝ հայ գրատպութեան 500- ամեակի առիթով։ Ան ձուլուած է Փրակայի մէջ՝ մոսկուաբնակ գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի հովանաւորութեամբ։
Ճարտարապետն է Ռուբէն Հասրաթեանը։
Տեղադրուած է Օղակաձեւ զբոսայգիի Տերեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկին մէջ:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: