Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին:
Հայկ Նահապետ – Հայկ դիւցազն, Հայոց նահապետ, նախահայր, ազգապետ:
Քանդակագործ՝ Կ. Նուրիջանեան
Կը գտնուի Նոր Նորքի վարչական շրջանին մէջ, Գայի պողոտայի վրայ:
Նիւթը` կոփուած պղինձ, Տեղադրութեան թուական՝ 1972թ.