ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան ժամանեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանգեան: «Զուարթնոց» օդակայան Սերժը դիմաւորելու եկած էր Նիկոլ Փաշինեանը:
Օդակայանէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ հասնիլը՝ Սերժ Թանգեանը ողջունեցին բազմահազար երեւանցիներ:
Սիրուած երգիչը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցաւ։ «Կը ներէք, որ ֆիզիկապէս ուշացայ այս գեղեցիկ յեղափոխութիւնից, բայց հաւատացէ՛ք, որ հոգով միշտ ձեզ հետ էի. ոչ միայն ես, այլեւ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը», յայտարարեց Թանգեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ խաղաղ ցոյցերով կրցաւ ստեղծել հայ ազգի բաղձալի հայրենիքը:
«Հիմա արդէն ամբողջ աշխարհը ձեզ է նայում՝ իբրեւ դրական օրինակի. երգով, պարով ու ժպիտով հասաք ձեր նպատակին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ աշխարհը տարիներ շարունակ հայերուն ճանչցած է Ցեղասպանութեամբ, երկրաշարժով ու պատերազմով, բայց հիմա այս շարժումով հայերը բարձրացուցին մեր երկրի վարկանիշը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Սերժ Թանգեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը գեղեցիկ յեղափոխութիւն անուանեց:
«Ժամանակը եկել էր, երբ ժողովուրդը ոտքի է կանգնում, ոչ մի բան չի կարող կասեցնել նրան», ըսաւ ան:
Աշխարհահռչակ երաժիշտը աւելցուց, որ երկու շաբաթ չեն քնացած, հետեւած են Հայաստանի իրադարձութիւններուն, ու հաւաստիացուց, որ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը հոգիով-սիրտով հայաստանցիներուն հետ է: Ան ըսաւ, որ իրեն համար երազանք էր այս յաղթանակը՝ երազանք, որ իրականացած է: Ան շեշտեց, որ լուրջ յոյսեր կան Նիկոլ Փաշինեանի հետ կապուած:
«Մեր ժողովրդի թեկնածուն է, եւ միշտ աչքներս նրա վրայ կը պահենք, որ վստահ լինենք, որ մեզ չի յուսահատեցնի, բայց ինքը արդէն ժողովրդից ծնած է», ըսաւ Թանգեան:
Նշենք, որ Թանգեան համերգ պիտի չտայ Երեւանի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան եւս ելոյթ ունեցաւ հանրահաւաքին առջեւ: Ան յայտարարեց, որ իր վարչապետի ընտրութիւնը գրեթէ երաշխաւորուած է Երեքշաբթի օրուան Ազգային ժողովի նիստին:
Ժողովուրդը Երեքշաբթի օր դարձեալ պիտի հաւաքուի Հանրապետութեան հրապարակ եւ այնտեղ տեղադրուած մեծ պաստառներէն ուղղակիօրէն պիտի հետեւի նիստի աշխատանքներուն: