Երեւանի մէջ գտնուող իրանական “Կապոյտ մզկիթ”-ը պիտի ընդգրկուի UNESCO-ի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին իրանական “ՖԱՐՍ” լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է ԻԻՀ Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան փոխնախագահ Մասուտ Ալավիան Սատր:
Սատր նշած է, որ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ կողմերը համաձայնած են Երեւանի մէջ գտնուող իրանական “Կապոյտ մզկիթ”-ը վերանորոգելէ եւ ամբողջական տեսքի բերելէ ետք քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի անիկա ընդգրկուի UNESCO-ի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ:
ԻԻՀ Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան փոխնախագահը, խօսելով Իրանի մէջ գտնուող հայկական մշակութային կոթողներուն մասին, մասնաւորապէս նշած է,- “Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական (Արեւմտեան Ազարպայճան) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Ղարաքիլսա եկեղեցին Իրանի պատմամշակութային ինը կառոյցներու մէջ արդէն ընդգրկուած է UNESCO-ի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Արեւմտեան Ատրպատականի մէջ` Մակուի մէջ կը գտնուի հայկական միւս եկեղեցին` Սուրբ Մարիամը: Իրանի մէջ գտնուող միւս կարեւոր վանական համալիրը` Սուրբ Ստեփանոս (10-12-րդ դ.) հայկական եկեղեցին է, որ կը գտնուի Արեւելեան Ատրպատականի մէջ, Ճուլֆա` Արաքս գետի ափին”: