ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի Լուսինէ Զաքարեանի եւ հոգեւոր երգիչ Խորէն Պալեանի արուեստի սիրահարները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու անոնց յիշատակին նուիրուած «Յորժամ» խորագիրով համերգին, որ տեղի պիտի ունենայ փետրուար 27-ին Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ երաժշտութեան տունէն, երեկոյին պիտի մասնակցին Երեւանի պետական Կամերային երգչախումբը, «Հովեր» պետական Կամերային երգչախումբը, Աննա Մայիլեանի ղեկավարած Վոկալ արուեստի կեդրոնի սաները: ձեռնարկին պիտի մասնակցի նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստգիտուհի ` Սիլվա Եուզբաշեան:
Յիշատակի երեկոն պիտի վարէ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, «Կոմիտաս» մետալակիր, Սարգիս Նաջարեան: