Էրեբունի-Երեւան տօնակատարութեան ծիրէն ներս իրականացած “Մեր հանճարները մեր կողքին են” քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ` մայրաքաղաքին մէջ տեղադրուած հայ մեծանուն արուեստագէտներու արձանները յառաջիկային, իբրեւ նուէր, պիտի փոխանցուին համանուն տուն-թանգարաններուն: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հերթական խորհրդակցութեան ժամանակ` անդրադառնալով մանկապարտէզներուն մէջ երեխաներու սնունդի մշտական վերահսկողութեան, քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յանձնարարած է պարբերաբար զեկուցել արդիւնքներու մասին:
“Ցանկացած խախտման դէպքում ձեռնարկէք համապատասխան քայլեր: Բացի այդ, հետեւէք նաեւ, որպէսզի այս գործընթացում նախակրթարան յաճախող երեխաների ծնողների անմիջական մասնակցութիւնը լինի շարունակական”,- նշած է քաղաքապետը:
“Օգնիր դպրոցիդ” եւ “Օգնիր մանկապարտէզիդ” ծրագրերուն աջակցելու նպատակով գումարներու փոխանցման պարտադրումը, ինչպէս նաեւ դպրոցներու մէջ ուսումնաօժանդակ իրերու վաճառքի դէպքերը բացառելու մասով` կրթութեան վարչութեան պետը զեկուցած է, որ ուսումնական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ կը կազմակերպուին պարբերական խորհրդակցութիւններ եւ ամենօրեայ հետեւողական աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ: