ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի շրջագիծին մէջ կազմուած «WCIT» նուագախումբը ազդարարեց Երեւանի մէջ «WCIT-2019» համաժողովին սկիզբը՝ 6 Հոկտեմբերին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած համերգներով՝ ճոխ եւ արհեստագիտութեան հնարքներով յագեցած երեկոյով մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ «տիճէյ» Արմին Վան Պուրեն: Համերգին ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, «WCIT-2019» համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող հիւրեր եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ հրապարակը լեցուցած մեծաթիւ հայ ու օտար հանդիսականներու կողքին։
«WCIT» նուագախումբին երաժիշտները կը ներկայացնեն այն երկիրները, որոնք նախապէս հիւրընկալած են տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովները:
Աննախադէպ ձեւաչափ ունեցող նուագախումբի համերգային ծրագիրին մէջ ներառուած են համաժողովը հիւրընկալած երկիրները խորհրդանշող երաժշտական գործեր, հայ երաժիշտներու եւ յօրինողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն կազմուած շարք:
«WCIT» համաշխարհային նուագախումբի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի, որ նաեւ կը ղեկավարէ խումբը։
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ամէնէն հեղինակաւոր իրադարձութեան Հայաստան կը ներկայանայ մեծ նախագիծով, աննախադէպ նորարարութեամբ՝ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համայնքի առանցքային գործիչներուն ցոյց տալով, որ նոր գաղափարներ յղացող երկիր է: