ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Մարշալ Արմենակ Խանփերեանց»ի անուան ռազմական օդանաւային համալսարանին մէջ ցուցադրուեցան վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին Հայաստանի զինուած ուժերուն խոցած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերը:
Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու վարչութեան ղեկավար մարմինի պետ, ՀՕՊ զօրքերու պետի տեղակալ, գնդապետ Գարիկ Մովսէսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ զինուած ուժերու ծառայողները կարելիութիւն պիտի ունենան ուսումնասիրելու ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերը, որոնց մեծ մասը իսրայէլական արտադրութիւն են:
«Մեր զինուած ուժերը հայ-ադրբեջանական սահմանին խոցել են ադրբեջանական 10 միաւոր հարուածային, 1 ռազմավարական եւ 3 հետախուզական նշանակութեան անօդաչու թռչող սարքեր», յայտնեց Մովսէսեան:
Ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ ատրպէյճանական կողմը հայկական որեւէ անօդաչու թռչող սարք չէ խոցած։