Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 սեպտեմբերին մասնակցեցան Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահը պարգեւատրեց եւ մետալներ շնորհեց համալսարանին մէջ իրենց աւանդը ունեցած դասախօսներուն եւ պատասխանատուներուն:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մաղթեց, որ յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին Երեւանի պետական համալսարանը հասնի աշխարհի լաւագոյն 500 համալսարաններու կարգին:
«16 մայիս 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ընդունեց Հայաստանի պետական համալսարան հիմնելու մասին որոշումը, որ դարձաւ մեր կարճակեաց Ա. հանրապետութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ համալսարանին դերը մեծ եւ կարեւոր եղած է նաեւ 1988-էն ետք, երբ պետութիւն ստեղծելու խնդիր կար:
Վարչապետը մաղթեց, որ Երեւանի պետական համալսարանը վերականգնէ իր երբեմնի փառքն ու մեծութիւնը: «Կը մաղթեմ, որ մեր միացեալ աշխատանքին միջոցով ի վիճակի ըլլանք վերականգնել ԵՊՀ-ի երբեմնի փառքը, մեծութիւնը. եւ ասիկա պէտք է արտայայտուի յստակ արդիւնքներով: ԵՊՀ-ն յառաջիկայ 10 տարիներուն ընթացքին պէտք է տեղ գտնէ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու առաջին 500-ի շարքին, այս նպատակով պէտք է մէկտեղենք մեր ուժերն ու համալսարանը դարձնենք Հայաստանի մէջ միտքի, գաղափարներու, ստեղծագործականութեան յառաջատար, հիմնական ուժ», եզրափակեց վարչապետ Փաշինեան: