Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներու Լիբանան այցելութեան շրջագիծին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` երկուշաբթի, 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-զրոյց` պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, որ սոյն հանդիպումին նպատակն է ծանօթանալ պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանի ծրագիրներուն: Տեմիրճեան շեշտեց գործնական քայլերու դիմելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Երեւանի պետական համալսարան-լիբանանահայ կառոյցներ աշխատանքները առարկայական իմաստով գործնականացնելու բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուինք: «Մեր ակնկալութիւնն է, որ այս մէկ շաբթուան հանդիպումները գործնական ըլլան եւ երկու կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը դառնայ մնայուն եւ ստանայ իր գործնական բնոյթը», եզրափակեց Տեմիրճեան:
Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան ներկայացուց պատուիրակութեան 10 անդամները, որոնցմէ երեքը ուսանողներ էին: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի հետ պայմանագրութեան ստորագրուելէն ետք, Երեւանի մէջ բաւական աշխատանք տարած են նոր կառոյցներու հետ կապեր ստեղծելու, համաձայնագիրներ ստորագրելու, մագիստրոսի ծրագիր բանալու, նաեւ անվճար սորվելու տեղեր ապահովելու եւ ապա որոշած են կրկին այցելել Լիբանան եւ իրենց համալսարանին մէջ ունեցած կարելիութիւնները ծանօթացնել: Ան անդրադարձաւ երեք տարի առաջ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ տարուած աշխատանքներուն` ի նպաստ հայոց պատմութեան դասաւանդման եւ դասագիրքերու հրատարակման, որուն իբրեւ արդիւնք համալսարանի հայոց պատմութեան բաժանմունքը որոշած է Լիբանանի համար դասագիրքեր պատրաստել: Համալսարանի ծրագիրները ներկայացնելով Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ գիտական հետազօտութիւններ ներկայացուցած են մասնագիտական ժապաւէններու ճամբով. ան նշեց նաեւ Համազգայինի հետ համագործակցաբար ստեղծուած հայագիտութեան մագիստրոսի ծրագիրը, նաեւ հեռակայ ուսուցման ծրագիրը, որ ունեցաւ 18 շրջանաւարտ: Յովհաննիսեան նկատել տուաւ, թէ համալսարանը կը գործակցի 2 գործունեայ համայնքներու հետ` Լիբանան եւ Ռուսիա, աւելցնելով, որ համաձայնագիր կնքուած է Լիբանանի մէջ 11 վարժարաններու հետ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան տնօրէն Կարէն Գրիգորեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայկականութեան առնչութեամբ, ինչ որ կը նպաստէ առարկայական քայլեր ձեռնարկելու: Ան ըսաւ, թէ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը սկսած է գործել 1920-ին եւ ցարդ հրատարակուած են 5500 գիրքեր: Անդրադառնալով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ համագործակցութեան` Գրիգորեան հաստատեց, որ յուշագիր մը պիտի կնքուի երկու կողմերուն միջեւ, որպէսզի աւելի առարկայական դառնայ գործակցութիւնը, որուն ծիրին մէջ թուեց կարգ մը ուղղութիւններ. ա) Կրթական միացեալ տարբեր նախաձեռնութիւններու իրականացում, նաեւ ցուցահանդէսներու, գիրքերու ներկայացումներու կազմակերպում Երեւանի եւ Լիբանանի մէջ, բ) Հայագիտական ուղղուածութեամբ կրթական, գիտական, ակադեմական միացեալ հրատարակութիւններու ստեղծում, գ) Տեղեկատուական արհեստագիտութեան կիրարկում գիրքերու ստեղծման ոլորտին մէջ. ելեկտրոնային գիրքերու ստեղծում, որպէսզի անոնք համացանցի միջոցով աւելի լայն տարածում գտնեն: Եզրափակելով իր խօսքը` ան նկատել տուաւ, որ իրենց կայքին վրայ տեղադրուած են հայագիտական բնոյթի գիրքեր, նաեւ հայագիտական հետազօտութիւններ, որոնք կը նպաստեն երկու կողմերուն միջեւ հեռակայ կարգով համագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման:
Պատուիրակութեան մաս կազմող Ռուսիոյ Սոչի քաղաքի բնակիչ Մարկոս Կէսեան իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, թէ Սոչիի մէջ 180 հազար հայեր կան, որոնցմէ 100 հազարը քրիստոնեայ համշէնցի են: Ան կոչ ուղղեց, որ Ռուսիոյ մէջ գտնուող համայնքը ծանօթանայ սփիւռքահայ համայնքներուն հետ եւ ջերմ յարաբերութիւն ստեղծուի երկու կողմերուն միջեւ:
Այնուհետեւ ներկաներուն առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելու, նաեւ առաջարկներ ներկայացնելու պատուիրակութեան անդամներուն:
Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան շեշտեց, որ սփիւռք եւ հայրենիք զիրար կ՛ամբողջացնեն, հակառակ անոր որ երկար ժամանակէ ի վեր անջատուած են իրարմէ եւ իրարու հետ գործելու փորձառութիւնը բաւարար չափով մշակած չեն: Ան նկատել տուաւ, որ հայագիտական մարզին մէջ տագնապ ունինք, որովհետեւ ժամանակները փոխուած են, եւ նախորդ սերունդներուն ունեցած հայ հոգին եւ հայրենական շունչը նուազած է ներկայիս: «Այդ նիւթին մէջ պատրաստուած մասնագէտներն են, որոնք կրնան վերստին ոռոգել մեր ածուն, որպէսզի մնայ հարազատ եւ դառնայ պտղաբեր», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` մաղթելով, որ Երեւանի պետական համալսարանին հետ համագործակցութիւնը երկար տեւէ, եւ անմիջապէս անցնինք աշխատանքային հանգրուանին: «Կը մաղթեմ, որ կարենանք հաւաքական գոյութեան համար լուրջ ծրագիրներ մշակել եւ զանոնք իրագործել ձեր աջակցութեամբ», եզրափակեց սրբազանը: