Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանած է Պաքուէն փոխանցուած առաջարկներուն եւ դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրի եւ Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրի հիման վրայ», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Մինչ հայաստանցի պաշտօնեաները կը լռեն, թէ ի՛նչ առաջարկներ ստացած եւ ի՛նչ պատասխան տուած են Պաքուին, վերջինս բացայայտեց 5 կէտերէ բաղկացած թղթածրարին բովանդակութիւնը, կամ, ինչպէս ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը ձեւակերպեն` «Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցելու նախապայմանները»: Իսկ ԵԱՀԿ-ին դիմելու Հայաստանի նախաձեռնութեան` Պաքուն որեւէ ձեւով չէ արձագանգած:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւայի համաձայն, փաստաթուղթի նախագիծին մէջ կան հետեւեալ դրոյթները.
– Կողմերը փոխադարձաբար կը ճանչնան երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անքակտելիութիւնը եւ իրարմէ քաղաքական անկախութիւնը,
– Կողմերը կը հաստատեն, որ իրարու նկատմամբ չունին տարածքային ոտնձգութիւններ եւ կը ստանձնեն ապագային եւս նման ոտձգութիւններէ հրաժարելու իրաւական պարտաւորութիւն,
– Կողմերը պարտաւոր են միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ զերծ մնալ մէկզմէկու անվտանգութեան, միմեանց քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ սպառնալիքներէ,
– Կողմերը պարտաւոր են սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնել եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել,
– Պարտաւոր են բանալ հաղորդակցութեան երթեւեկի ուղիները եւ կապերը:
«Պաքուն պատրաստ է առարկայական, հետեւողական բանակցութիւններու` խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ, եթէ Հայաստան ընդունի այս 5 հիմնարար սկզբունքները», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը:
Չբացայայտելով մանրամասնութիւնները` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամով յոյս յայտնեց, որ «Հայաստան դիւրութեամբ պիտի ընդունի ազրպէյճանական նոր փաստաթուղթը»: