ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Երեւանը 44օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր քարտուղար Օտրի Ազուլէի կողմէ ներկայացուած առաջարկը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի փաստահաւաք առաքելութեան իրականացումը, կը նկատէ առաջնահերթ եւ հրատապ:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան կը սատարէ այս առաքելութեան կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչման՝ «Զինուած հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954ի Հաաքայի ուխտին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ:
«ԵՈՒՆԵՍԿՕի փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ իրականացման անհրաժեշտութիւնն առաջացել է պատերազմի հետեւանքով ադրբեջանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման վերահաս վտանգից պաշտպանելու համար: Հայկական յուշարձանների հանդէպ արդէն իսկ արձանագրուած վանդալիզմի դէպքերը, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանի մշակոյթի նախարարութեան կողմից օրեր առաջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ինքնութիւնը խեղաթիւրելուն ուղղուած աշխատանքային խմբի ստեղծման ազդարարումը փաստում են, որ նման վտանգն առաւել քան իրական է», յայտարարեց նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Երեւան եւ Պաքու ԵՈՒՆԵՍՔՕի պատուիրակութեան այցելութեան առաջարկը կը դիտարկեն բացառապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ առաջարկուած վերոնշեալ առաքելութեան ծիրին մէջ:
Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք տարածաշրջանի եկեղեցիներուն, պատմամշակութային յուշարձաններու վիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով բազմիցս քննարկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ներկայացուցիչներու այցելութեան եւ առանց սահմանափակումներու ազատօրէն շարժելու հնարաւորութիւնը, բայց պաշտօնական Պաքուն համաձայնութիւն չէր տար:
Թէեւ անցած տարուան ամրան Պաքուն յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան պատրաստ է ընդունելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութիւնը եւ ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչները, սակայն, առայսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕի մասնագէտները տարածաշրջան չեն այցելած: