ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան 20 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Այս մասին յայտնեցին պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին, գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ զօրախումբի արդիւնաւէտ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ ռուս սահմանապահներու տեղակայումով` ապահովութեան հարցերու լուծման մէջ էական աջակցութեան համար:
Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: