Քուլիսային, բացօթեայ, ընդյատակեայ երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ սակարկութիւններէ ետք, նորանշանակ վարչապետ Հասսան Տիապ, վարչապետի պաշտօնին կոչուելու 34-րդ օրը կազմեց քսան անդամներէ բաղկացած կառավարութիւնը:
Նշանակեալ վարչապետ քաղաքական կողմերուն հետ իր խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք բարձրացաւ Պաապտայի պալատ, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունին ներկայացնելու նոր կառավարութեան կազմը: Անոնց միացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Մուսթաքպալ հոսանքը, Լիբանանեան Ուժերը, Ընկերվար Յառաջդիմական եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կանխաւ մերժեցին մաս կազմել նոր կառավարութեան:
Նոր կառավարութեան մէջ ընդգրկուած են իգական սեռի վեց ներկայացուցիչներ:
Ստորեւ նոր կառավարութեան կազմը.
Վարչապետ՝ Հասսան Տիապ
Ելեւմտական հարցերու նախարար՝ Ղազի Ուազնի
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար՝ Մուհամմէտ Ֆահմի
Պաշտպանութեան նախարար եւ փոխվարչապետ՝ Զէյնա Աքքր Ատրա
Արտաքին գործոց նախարարեւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու՝ Նասիֆ Հըթթի
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար՝ Թալալ Հաուաթ
Առողջապահութեան նախարար՝ Համատ Հասան
Ուժանիւթի եւ ջուրի նախարար՝ Ռեմոն Ղաժար
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ
Երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարար՝ Ապպաս Մուրթատա
Կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգութիւններու նախարար՝ Տըմիանոս Ղաթար
Արդարադատութեան նախարար՝ Մարի Գլոտ Նաժըմ
Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Ռամզի Մաշրաֆիէ
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար՝ Թարեք Մաժզուպ
Ճարտարարուեստի նախարար՝ Իմատ Հուպալլա
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար՝ Միշէլ Նաժժար
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նեհմէ
Աշխատանքի նախարար՝ Լամիա Եամմին Տուէյհի
Երիտասարդական հարցերու եւ մարմնամարզութեան նախարար՝ Վարդի Օհանեան
Գաղթականաց հարցերու նախարար՝Ղատա Շըէյմ
Նորանշանակ կառավարութիւնը Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, իր անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ Պաապտայի պալատին մէջ: Նախքան նիստը նոր կառավարութիւնը պիտի վերցնէ յիշատակի աւանդական նկարը:
Կառավարութեան կազմը յայտարուելէ ետք, վարչապետ Հասսան Տիապ յայտնեց, թէ Լիբանան կը բոլորէ դժուար օրեր: Ան խոստացաւ լուծումներ գտնել ժողովուրդին պահանջներուն: