Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարին երեք թեկնածուներ: Սոյն տեղեկութիւնը փոխանցեց թեկնածուներու անունները արձանագրող յանձնաժողովի անդամ, Գրողներու Միութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեանը: Ան նշեց, թէ թեկնածուներու արձանագրութեան պայմանաժամը աւարտեցաւ: Երեք թեկնածուներ՝ Գրողներու Միութեան նախագահի պաշտօնակատար Էտուարտ Միլիտոնեան, Յովիկ Հովէյեան եւ Դաւիթ Սարգսեան առաջադրուած են Միութեան նախագահի թեկնածու:
Գրողներու Միութեան արտահերթ համագումարը պիտի կայանայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին: