ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 27էն 28 Յուլիս լուսցող գիշերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան` Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա հատուածին մէջ, ատրպէյճանական կողմէ ձեռնարկուած սադրանքներուն պատճառով սկսան մարտական գործողութիւններ, որոնք շարունակուեցան 28 Յուլիսին եւս։ Իբրեւ արդիւնք՝ հայկական կողմը ունեցաւ 3 զոհեր՝ Հայկ Գէորգեան, Կորիւն Յարութիւնեան եւ Դաւիթ Քոչարեան, եւ 4 վիրաւորներ, իսկ ատրպէյճանական կողմէ՝ 2 վիրաւորներ։
Աւելի ուշ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւն վերականգնելու վերաբերեալ: Առաւօտեան ժամը 10:40էն սկսեալ հաստատուեցաւ հրադադար:
«Ադրբեջանական սադրանքի արդիւնքում սկսուած մարտական գործողութիւնների ընթացքում երկուստեք կիրառուել են հրաձգային զինատեսակներ եւ ականանետեր: Ընդ որում, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումների կողմից ականանետային կրակ է բացուել ի պատասխան հակառակորդի կողմից ականանետերի կիրառման:
Շփման գծի փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել, սահմանային իրադրութիւնը գտնւում է ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումների վերահսկողութեան ներքոյ», հաղորդեց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ առաւօտեան ժամը 6ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ կայուն է, կրակի դադարեցման մասին պայմանաւորուածութիւնը հիմնականօրէն կը գործադրուի:
Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ընդունեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպանութիւններու ռազմական կցորդները՝ անոնց տալով տեղեկատուութիւն 28 Յուլիսի կանուխ առաւօտէն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Վերին Շորժայի ուղղութեամբ կատարուած մարտական գործողութիւններուն վերաբերեալ: Ռազմական կցորդները տեղեակ պահուեցան, որ դիրքերը բարելաւելու եւ հետագայ հնարաւոր յառաջխաղացման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ականանետերու, նռնականետերու եւ մեծ տրամաչափի հրազէնններու միջոցաւ յարձակած են հայկական գերիշխող յենակէտին վրայ եւ ժամանակաւորապէս գրաւած զայն: Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ առդիւնք՝ կրելով բազմաթիւ կորուստներ, հակառակորդը ետ մղուած է ելման դիրքերը:
Այվազեան նշեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները` ձեռնարկելով բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու հակառակորդը սանձելու եւ հակազդելու ուղղութեամբ:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ ռազմական կցորդներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ ասիկա 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութենէն ի վեր հակառակորդին կողմէ զէնքի կիրարկումով իրականացուած ամէնէն լայնածաւալ սադրանքն է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ եւ անմիջական վտանգ կը ներկայացնէ յարակից բնակավայրերու խաղաղ բնակչութեան։
Կցորդներուն հաղորդուեցաւ, որ, հաւատարիմ մնալով 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան դրոյթներով ամրագրուած պարտաւորութիւններու իրականացման՝ հայկական կողմի դիրքորոշումը կը մնայ յստակ եւ անփոփոխ` Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն:
Նշուեցաւ, որ իրավիճակի սրման եւ հետագայ ապակայունացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու փոխպաշտպան Արտեոմ Սեդրակեան, որ ներկայացուց ատրպէյճանական կողմին կատարած սադրանքին իբրեւ արդիւնք մարդու իրաւունքներու խախտումներու առումով ստեղծուած իրավիճակը: