Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
1978
Մեռելոց է:
Հայրս եւ մայրս պատրաստուած են արդէն: Քալելով Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն պիտի երթանք: Առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընկերակցէի անոնց: Կիլիկիայէն մեր բնակարանէն քալելով անցանք Թրատէն, Սիսէն, Քաղաքապետարանի շէնքերէն եւ հասանք գերեզմանատուն:
Մուտքին` խունկ, մոմ, ծաղիկ ծախողներու կրպակներ կային: Անդադար այդ երեք բառերը կը պոռային: Հրմշտկելով` հասանք մուտքին: Դրան առջեւ երկու երիտասարդներ աղօթք կը բաժնէին: Ներսը` բարձրախօսով կը լսուէր մատրան մէջ կատարուող հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Քանի մը քահանաներ գերեզմաններուն կողքին կ՛աղօթէին: Խունկի եւ մոմի հոտը համատարած էր: Լացի եւ հեկեկանքի ձայները շատ էին: Մեծ հօրս եւ մեծ մօրս գերեզմանը այցելելէ ետք հօրս հետ իր հարազատներուն գերեզմանները եւս այցելեցինք: Մայրս ալ` իր հայրենակիցներուն: Գերեզմանատան այդ նեղ անցքերուն մէջ տեղ-տեղ խճողուած խումբերով այցելութիւններ կային, ծաղիկները` թարմ, երիտասարդներու նկարներ, քաղաքացիական պատերազմի զոհեր: Բոլորը` սեւ հագած: Զուսպ եւ արցունքոտ աչքերով ժողովուրդ կար:
Պարտականութիւնները աւարտելէ ետք ճամբուն վրայ Սիսի թաղամասին մէջ ազգականի մը տունը հանդիպեցանք, սուրճ խմելէ ետք վերադարձանք տուն:
2008
Առաւօտ կանուխ հօրս կապուեցայ` ըսելու, որ քալելով չերթան գերեզմանոց: Աղջկանս հետ գացինք առինք հայրս եւ մայրս: Գերեզմանատան մուտքին տակաւին կան խունկ, մոմ, ծաղիկ ծախողները: Քիչ անդին` աղօթք բաժնողները: Անցեալի նման հրմշտուք չկայ: Հանդարտ` մտանք գերեզմանատուն: Մատրան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն չի կատարուիր, փոխարէնը ձայներիզով հոգեհանգիստ կը սփռուի եւ բարձրախօսով կը լսուի ամէն տեղ: Աղօթող քահանաներ չկան գերեզմաններուն կողքին: Սեւազգեստներուն թիւը նուազած է: Նոյնիսկ լացն ու հեկեկանքներ չկան: Ամէն մարդ զուսպ է, անխօս, անհաղորդ, մոմը վառելէ ետք դուրս կ՛ելլէ:
Դաշնակցութեան պանթէոնն ու Լիզպոնի նահատակներու գերեզմանը այցելելէ ետք մեծ հօրս ու մեծ մօրս գերեզմանները այցելեցին եւ վերադարձանք տուն:
Մեր օրերուն
Առաւօտուն ինքնաշարժով ուղղուեցայ գերեզմանատուն: Դիմակս դրած եւ ձեռքիս հականեխիչ` մտայ գերեզմանատուն: Աղջիկս գաղթած է, հայրս եւ մայրս ալ մեծ մօրս եւ մեծ հօրս գերեզմանին մէջ հանգչած են: Մուտքին խունկ, մոմ, ծաղիկ ծախողներուն թիւը նօսրացած է, ժողովուրդ գրեթէ չկայ, ոչ ալ հոգեհանգիստ: Սեւ հագնող չէ մնացած, իսկ լացն ու հեկեկանքը շատոնց մոռցուած են: Մարդոց դէմքին վրայ վիշտ ու ցաւ կայ: Հոգիները` ճզմուած, Լիբանանի, Արցախի, «Քորոնա»-ի բազմաթիւ հարցերու եւ անոնց հետեւանքներուն ծանրութեան տակ:
Դաշնակցութեան պանթէոնն ու Լիզպոնի նահատակներու գերեզմանը այցելելէ ետք Սուրիայէն, Քանատայէն, Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն հարազատներու փափաքները կատարելու համար այցելեցի անոնց սիրելիներուն գերեզմանները, նկարեցի եւ ղրկեցի:
Վերադարձայ տուն:
Տարօրինակ զգացում մը կար մէջս:
Մեռելներուն յիշատակը յարգողներուն թիւը նուազած է:
Լաւ մարդոց ամբողջ փաղանգ մը կը գտնուի հոն, եւ տարին գոնէ երկու անգամ անոնց յիշատակը յարգելու ազնուութիւնը չէ մնացած մարդոց մէջ:
Ափսո՜ս է, բայց այդպէ՛ս է: