Տօնական օրերուն ընթացքին անձնականէն անդին երթալն ու ուրիշը յիշելը, տօնական մթնոլորտն ու տրամադրութիւնը սփռելը եւ ուրախութեան նշոյլներ փոխանցելը անգին նուէրի մը համազօր կրնան ըլլալ ոեւէ անձի համար: Այս հաւատքով ու համոզումով է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է Նոր տարուան առիթով կազմակերպել ամանորեան հանդիսութիւններ` մանուկներու, աշակերտներու եւ երէցներու յատուկ:
Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին ի պատուի էին ալեհեր ու օրհնաբեր ծերունիներ, որոնք իրենց կեանքին դառնն ու քաղցրը ապրելէ ետք, երկար տարիներու ժրաջան աշխատանքէ ետք այսօր արդէն հեռու են այդ բոլորէն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով, շրջանին մէջ գործող հայ ու տեղացի բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքապետութեան միջեւ եղած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ համախմբուած էին Պուրճ Համուտի մէջ ապրող երէց սերունդի ներկայացուցիչները` տօնական մթնոլորտէն եւ ուրախութենէն իրենց բաժինը ունենալու համար:
Այս առիթով հայերէնով եւ արաբերէնով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ դիտել տուաւ, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը միշտ նախանձախնդիր եղած է Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները կարելի եղածին չափ նշելու շրջանի բնակչութեան հետ: Ան նշեց, որ այս իրողութենէն մեկնած քաղաքապետութիւնը նախաձեռնութիւններ կը կատարէ մանուկներուն եւ աշակերտներուն յատուկ` քաջ գիտնալով, որ անոնք կը ներկայացնեն ապագան ու հակառակ իրենց փոքր տարիքին մեծ կարեւորութիւն ունին մեր ընկերութեան մէջ: Ճորճ Գրիգորեան աւելցուց, որ շատ աւելի մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ երէց սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան ապագայի կերտման, Պուրճ Համուտի բարգաւաճման եւ պահպանման մէջ: Ան հաստատեց, որ այդ սերունդին պատկանողները մնայուն կերպով քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն մտքերուն եւ սրտերուն մէջ են, անոնք իրենց ամէնօրեայ աշխատանքով կը փորձեն անոնց կարիքները հոգալ տարբեր ձեւերով: Փոխքաղաքապետը իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ուրախ պահեր ստեղծել երէցներուն համար` յուսալով, որ անոնք այս առիթով դուրս գան իրենց միօրինակ առօրեայէն եւ գէթ քանի մը ժամ ապրին տօնական եւ ճոխ մթնոլորտ մը:
Օրուան հանդիսավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ֆիզիքական ճկունութեան եւ հետաքրքրական խաղեր, պալէ եւ այլ պարեր ներկայացուցին «Ֆենթեսթիք ուըրլտ» խումբի տղաքն ու աղջիկները: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ աշխարհի ամէնէն հասակաւոր անձը:
Մթնոլորտը ճոխացուց Արարատ Ահարոնեան, որ հայերէն եւ արաբերէն երգերով խանդավառեց ծերունիները, որոնք պարեցին, շուրջպար բռնեցին եւ իրենց դանդաղ քայլերով անգամ փորձեցին վայելել պահը:
Այնուհետեւ բոլոր ծերունիներուն բաժնուեցան գեղեցիկ, արժէքաւոր եւ պիտանի նուէրներ:
Գոհունակութիւնն ու ուշադրութեան արժանի ըլլալու ուրախութիւնը յստակ էր երէցներուն դէմքերուն վրայ: Արդարեւ, անոնք սրահէն բաժնուեցան` կազմակերպիչներուն տալով իրենց օրհնութիւնները, որոնք անգին նուէրներ են անկասկած: