Լեւոն Շառոյեան
Ահաւոր ու անհաւատալի է այն՝ ինչ որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Արցախի ու յարակից շրջաններուն մէջ: Բազմահազար նահատակներու արեան գնով նուաճուած ընդարձակ տարածքներ՝ քաղաքներ, աւաններ, գիւղեր, լեռնային ու դաշտային սքանչելի հողամասեր, չքնաղ հովիտներ ու սարահարթեր, ջրային, բուսական ու կենդանական իրենց աշխարհներով, հողին վերեւ թէ հողին ընդերքին մէջ գտնուող իրենց ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ հարստութիւններով միասին, ԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԻՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ, այնքա՜ն սառնասրտութեամբ…
Կը յանձնուին թուրքին (դուք ըսէք՝ ազերիին)՝ Նոյեմբեր 10-ի հայակործան ամօթալի համաձայնագրին համաձայն…: Եւ դեռ պնդողներ կան, թէ այդ համաձայնագիրը (որ, անգամ մը եւս շեշտենք, պատրաստուեցաւ ռուս-թրքական համախոհութեամբ…) «իրաւական բնոյթ չունի», եւ այլն, եւ այլն…
Իրա՛պէս անհաւատալի է:
Այսքա՞ն նուաստ ու ապիկար ենք մենք:
Աշխարհի վրայ ցոյց տուէք ինծի ժողովուրդ մը, որ իր դարաւոր պապենական հայրենիքէն ձեռք կը քաշէ այսքան սառնասրտութեամբ…
Ալ մո՛ւր քսուած է մեր ճակտին:
Ո՛չ, մենք Հայկի, Վարդանի, քաջն Վասակ եւ Մուշեղ Մամիկոնեաններու, Դաւիթ բէկի, Խրիմեաններու ու Նժդեհներու ժառանգորդները չենք:
Մենք «մենք» չենք…:
( Լուսանկարը.- Ատրպէյճան վերամբարձ մեքենաներով կը պոկէ Արցախի մուտքին դրուած հայկական ցուցանակը…: Հազա՛ր ափսոս):