Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն հետ գործակցութեամբ, Լիբանանի կառավարութիւնը շնորհաւորեց լիբանանցի մայրերը, որոնք օրին չկրցան նշել իրենց տօնը:
Այս առիթով, նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը` իր բոլոր միաւորներով, որոնց շարքին նաեւ ՀՄԸՄ-ը, երէկ կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ, Կարմիր խաչի կամաւորներուն եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն օժանդակութեամբ բոլոր շրջաններուն մէջ ծաղիկներ բաժնեց լիբանանցի մայրերուն` շնորհաւորելով անոնց տօնը:
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այս առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Սկաուտական համադաշնակցութիւնը եւ սկաուտական բոլոր միութիւնները դարձեալ կը գործադրեն ազգային նախաձեռնութիւն մը, որ իրենց համար բնաւ տարօրինակ չէ: Շնորհակալութիւն բոլորին` Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, ըլլան անոնք միութիւններ, պատասխանատուներ թէ սկաուտներ: Իբրեւ մայր ի սրտէ բոլոր մայրերուն եւ բոլորիդ կը նուիրեմ ծաղիկ մը: Շնորհաւո՛ր լիբանանցի մայրերուն տօնը»: