Յարութիւն Իսկահատեան-Պայքար 127
Սարգիս Մակարոֆ իր աքսորի կեանքը կը ներկայացնէ օրագիրներով, որոնք գրուած են «անյարթ, սեղմ, երբեմն անընթեռնելի ձեռագրով, քանզի արագօրէն է նօթագրուել, խուսափելով խելագար ակցիայից, որն այնքան սովորական էր դարձել օր առ օր կրկնուելով», ինչպէս կ՛ըսէ յուշագիրքին խմբագիրը՝ Նուպար Մակարոֆ, Սարգիս Մակարոֆի որդին, որ «Տէր Զօրի Աքսորեալը – Օսմանեան Հայերի 1915ի Աքսորը» գիրքը խմբագրած է ֆրանսերէն՝ «Le Deporte de Deir-ez-Zor; La deportation des Armeniens ottomans en 1915», Edition Etoile De La Pensee (տպագրութեան վայրը եւ թուականը չէ նշուած), յաճախ պատումին մէջ անհրաժեշտ բացատրութիւններ ու վերլուծութիւններ հայթայթելով ընթերցողին: Յուշագիրքին հայերէն թարգմանութիւնը լոյս ընծայած է «Զանգակ-97» հրատարակչութիւնը, 2001, Երեւան, միջակ չափի 308 էջ:
Խմբագիրը՝ Նուպար Մակարոֆ յուշագիրքին սկիզբը (էջ 7) կը յայտնէ Սարգիս Մակարոֆի սպանութեան գոյժը հետեւեալ ձեւով. «1949 թուականի Ապրիլի 3ին Ստամպուլի թուրքական, հայկական, հրէական եւ ֆրանսական լրագիրերն իրենց առաջին էջերում հրապարակում էին քաղաքի Գոց-Շուկայի ադամանդավաճառի արտառոց սպանութեան եւ նրա խանութի կողոպտման լուրը… շաբաթ, օրը ցերեկով… երբ ոստիկանական յատուկ վարչութիւնը ոճրի վայրից մի քանի մետր հեռաւորութեան վրայ էր գտնւում»: Արդարեւ Սարգիս Մակարոֆ զոհ կ’երթայ թրքաբարոյ ոճիրի մը…
Սարգիս Մակարոֆի օրագիրներէն կարեւոր իրողութիւն մը կը յայտնաբերուի թէ թուրքերը 1915ին հազարաւոր հայ երիտասարդներ Կ. Պոլսոյ մէջ ձերբակալած ու աքսորած են դէպի Տէր Զօր, մինչ այս մասին որեւէ տեղ բան մը չի յիշուիր: Այս հարցին շուրջ գիրքին խմբագիրը՝ Նուպար Մակարոֆ կ’ըսէ. «Տարօրինակ է, որ հայ մասնագէտները չեն խօսում Ստամպուլի տեղահանութեան մասին, յիշատակում են բացառապէս 1915 թուի Ապրիլի 24ին տեղահանուած 650 մտաւորականներին: Հայերի մեծ մասը լիովին անտեղեակ է, որ նրանք հազարներ էին՝ Ստամպուլի աքսորեալները: Դա է վկայում Սարգիս Մակարոֆի օրագիրը» (էջ 22):
Հայոց հանդէպ թուրքերու վայրագ վերաբերմունքին՝ ձերբակալութեան, բանտարկութեան, ծեծի, խոշտանգումի, բռնաբարումի, առեւանգումի, սպանութեան եւ բռնագաղթի հիմնական պատճառը Նուպար Մակարոֆ կը վերագրէ Բանթուրանիզմի կամ Բանթուրքիզմի մոլար գաղափարախօսութեան, որ ինչպէս յայտնի է կեղծ իսլամութեան քօղով սիոնիստ հրեաներու մտայղացումն է եւ տարածումը Օսմանեան Պետութեան թուրք ղեկավարութեան մէջ: Ան Բանթուրքիզմի մասին հետեւեալ յստակացումը կու տայ. «Բանթուրքիզմը ենթադրում է երկու հանգրուան՝ թուրքիզմ եւ բանթուրքիզմ: Առաջին հանգրուանը՝ թուրքիզմը արտայայտում է Օսմանեան կայսրութեան՝ այլ ազգութիւնների վրայ թուրք ազգի գերշխանութեամբ: Երկրորդ հանգրուանը՝ բանթուրքիզմը, միակ թուրքական պետութեան մէջ միաւորուած աշխարհի բոլոր թուրքերի միութիւնն է՝ Պալքաններից մինչեւ Պայքալ Լիճ: Հայերն են կենսական արգելքը այս ծրագրի իրականացման, քանի որ հայերն ու Հայաստանը աշխարհագրական դիրքով գտնւում են Անատոլիայի թուրքերի եւ Կասպից Ծովի երկու կողմի թուրքերի միջեւ: Թուրքական երկու հատուածների միացումը իրականացնելու ճանապարհին հայերի բնաջնջումը անհրաժեշտութիւն է դառնում» (էջ 30):
Սարգիս Մակարոֆ իր օրագրութեան մէջ կ’ըսէ. «Ձերբակալուածների մէջ ընտանիքի հայրեր կային, չնայած աքսորման հրամանը բացառում էր ընտանիքի հայրերին: Նրանց մտերիմները առաւօտ կանուխ սպասում էին դրսում, գուցէեւ նրանց վերջին անգամ տեսնելու յոյսով»: Կ. Պոլսոյ հայ երիտասարդներուն ձերբակալութեան ու բռնագաղթի մասին յուշագիրքին խմբագիրը՝ Նուպար Մակարոֆ հիմնուելով Սարգիս Մակարոֆի գրառումներուն վրայ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ են շեշտուած յատկապէս Ստամպուլի ամուրիները: Որովհետեւ օսմանեան հայ զինուորները ընդհանրապէս ամուրի, 1915 թուի սկզբին կցուել էին շինարարական ջոկատներին: Նրանց համազգեստները հանուել էին եւ նրանց աշխատեցնում էին որպէս շինարարութեան սովորական բանուորներ: Զինուորի՝ նման աստիճանազրկումը նրանցից շատերին դասալքման կը մղէր եւ նրանք ապաստան գտած կը լինէին Ստամպուլի հայկական ընտանիքներում: Կային նաեւ աքսորեալների կարաւաններից փախած այլ երիտասարդ հայեր, որոնց յաջողւում էր Կ. Պոլիս հասնել: Թալաաթ փաշայի կառավարութիւնը տեղեկանալով այդ փախստականների մասին, 1915 թուի Օգոստոս ամսից հրաման արձակեց Ստամպուլի հայ ամուրիների աքսորման մասին, առանց տարբերակման՝ դասալիքներ, փախստականներ, օսմանեան տեղաբնակներ թէ օտարահպատակներ» (էջ 32):
Սարգիս Մակարոֆ Կ. Պոլսոյ իր աշխատավայրին մէջ կը ձերբակալուի 11 Օգոստոս 1915ին: Այդ գիշեր բանտին բակը 1400 հայեր հաւաքուած էին ու իրենց ճակատագրին կը սպասէին: Ոստիկանները Սարգիսի եւ ռուսահպատակ քանի մը ընկերներուն անցագիրները իրենց քով կը պահեն եւ կը ստիպեն որ անոնք վճարեն շոգեկառքի տոմսի գինը: Կարաւանը շոգեկառքով ճամբայ կ’ելլէ յաջորդ առաւօտ եւ գիւղէ գիւղ անցնելով 14 Օգոստոսին կը հասնի Էսկիշեհիր: Աքսորեալները 24 ժամ բան չեն կերած:
Այժմ յետադարձ ակնարկով մը կը ներկայացնենք պատմութիւնը, թէ ինչպէ՞ս Սարգիս Մակարոֆ 1915ի Օգոստոսին Կ. Պոլիս կը գտնուէր:
Սարգիս Մակարոֆ ծնած է Ախալքալաք 1896ին: Անոր ծնողքը զինք 12 տարեկանին Վենետիկ կը ղրկէ Ս. Ղազարի Վանքը, ուսանելու եւ կղերական դառնալու: Սակայն Սարգիս այդ կոչումը չունէր, ուստի հինգ տարի յետոյ ան ճամբայ կ’ելլէ տուն վերադառնալու: Նաւը Կ. Պոլսոյ նաւահանգիստը կը խարսխէ, ուր Սարգիսի հեռաւոր մէկ ազգականը որ ինք հօրեղբայր կը կոչէ կու գայ եւ զայն իր տունը կը տանի ճաշի: Հօրեղբայրը կը համոզէ Սարգիսը հոն մնալու: Սարգիս 1913ին Կ. Պոլիս կը հաստատուի եւ ոսկերչութիւն կը սորվի Գոց Շուկայի խանութներէն մէկուն մէջ աշխատելով:
Ինչպէս որ նախապէս յիշած էինք, հակառակ այն իրողութեան թէ Սարգիս ռուսահպատակ էր, ան 11 Օգոստոս 1915ին Կ. Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուի: Նուպար Մակարոֆ կ’ըսէ. «Իրաւ է որ, «Մարդու իրաւունքները» այն ժամանակ թերեւս աղօտ էին ներկայացուած», բայց միջազգային հանրային իրաւագիտութիւնը կ’արգիլէր նման միջոցառումներու կիրառումը օտարերկրացիներու նկատմամբ, ինչպէս՝ ռուսահպատակ հայերու: «Օտարահպատակ Սարգիս Մակարոֆը սկզբունքօրէն չպէտք է աքսորուէր: Սակայն թուրքերի եւ հայերի միջեւ ազգային ատելութիւնը այն աստիճան էր սրուել, որ իշխանութեան գլուխ կանգնած «Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն» թուրքական կուսակցութեան անդամներին թւում էր, որ ամէն ինչ թոյլ էր տրուած: Համաշխարհային պատերազմական վիճակն էլ էր նրանց լայն հնարաւորութիւններ ընձեռում, մինչդեռ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ պատերազմող Ռուսաստանն ինքնաբերաբար զրկւում էր անգամ միջամտելու հնարաւորութիւնից», կ’աւելցնէ Նուպար Մակարոֆ: Վերոյիշեալ տխուր հանգամանգներու տակ է որ թուրքերը աքսորի շրջանակները ընդլայնելով կը տարածեն օտարհպատակ հայոց վրայ: Սարգիս Մակարոֆ իր օրագրութիւններուն մէջ կը հաստատէ թէ իրեն հետ տասներկու ռուսահպատակ հայեր բռնագաղթուած էին Կ. Պոլսէն դէպի Տէր Զօրի անապատները:
Բռնագաղթի ճամբուն վրայ Սարգիսն ու իր ռուսահպատակ ընկերները Գոնիաի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ կը հանդիպին ամերկացի տոքթ. Տատին (էջ 51): Սարգիս Տոքթ. Տատէն կը խնդրէ բարեխօսիլ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնեաին ռուսահպատակներու վատ վիճակին համար: Պատերազմի ընթացքին Ա. Մ. Ն. դեսպանատունը կը վարէր Ռուսիոյ գործերը Օսմանեան Պետութեան մէջ: Տոքթ. Տատ Սարգիս Մակարոֆի կը խոստանայ ամերիկեան դեսպանատունը իմացնել ռուսահպատակ հայ երիտասարդներու վիճակին մասին: Քանի մը օր ետք անոնք կրկին կը հանդիպին եւ Տոքթ. Տատ անոնցմէ իւրաքանչիւրին 2 ոսկի կը յանձնէ իբրեւ Հոկտեմբեր ամսուան օգնութիւն ամերիկեան դեսպանատան կողմէ: Սարգիսն ու ընկերները կրկին աքսորուելէ առաջ Տոքթ. Տատ անոնց կ’իմացնէ թէ այժմ բացի Կ. Պոլսոյ ամերիկեան դեսպանատունէն, Հալէպի եւ Մերսինի ամերիկեան հիւպատոսարաններն ալ տեղեակ պահուած են իրենց կացութենէն եւ թէ պիտի ջանան զիրենք ազատել այդ քաղաքական բանտարկեալի վիճակէն:
Սարգիսն ու ընկերները գիւղէ գիւղ եւ քաղաքէ քաղաք կը քշուին օսմանցի հայերու հետ եւ ամէն առիթով անոնք կը ներկայանան պատկան թուրք թէ օտար պատասխանատուներուն՝ իբր օտարահպատակներ ազատելու համար այդ թշուառ վիճակէն, սակայն միայն օտարներէն որոշ օժանդակութիւն կը գտնեն, մինչ թուրքերը կ’անտեսեն եւ անտարբեր կ’ըլլան իրենց նկատմամբ: Հետապնդելով իրենց քաղաքական բանտարկեալ-աքսորեալ ըլլալու հանգամանգը, Տարսոնի մէջ Սարգիս Մակարոֆն ու ընկերները կը հանդիպին ամերիկացի հիւպատոս Ժան Տպասին, որուն մասին Սարգիս հետեւեալը կ’ըսէ. «Խոստանում է մեր մասին գրել Մերսինի ամերիկեան հիւպատոսարան, որպէսզի հրահանգներ ստանայ, միեւնոյն ժամանակ հաւաստիացնում է, որ կը յաջողցնէ մեզ այստեղ կամ մէկ այլ տեղ ներկալել, որպէս քաղաքական բանտարկեալների՝ համաձայն միջազգային օրէնսդրութեան»: Այդուհանդերձ ռուսահպատակ հայ երիտասարդները իրենց բռնի երթը կը շարունակեն օսմանցի հայերու հետ ու կը տարուին մինչեւ Տէր Զօր:
Հակառակ ամերիկացի միսիոնարներու, հիւպատոսներու եւ ուրիշ պատասխանատուներու թափած ջանքերուն, կարելի չըլլար թուրքերը համոզել ռուսահպատակ հայերը ազատ արձակելու համար: Թուրքը պատերազմական այդ շփօթ վիճակին մէջ հայերը հալածելու, չարչարելու եւ սպաննելու իր կիրքէն ոչ միայն չի հրաժարիր, այլ աւելի սանձարձակ կը գործէ իր ոճիրները, վստահ ըլլալով որ անպատիժ պիտի մնայ: Իբրեւ արդիւնք յարատեւող ջանքերու եւ դիւանագիտական զանազան կապերու, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Պետութեան կրած պարտութիւններու եւ կքած վիճակին, 1916ի սկիզբը՝ 26 Յունուարին միայն կարելի կը դառնայ յոյսի նշոյլ մը տեսնել ռուսահայ երիտասարդներու իրավիճակին նկաըմամբ, երբ Տէր Տէր Զօրի իրենց կացարանը թուրք ոստիկան մը կու գայ եւ Սարգիս Մակարոֆը իր հետ կը տանի ոստիկանատուն: Հոն պաշտօնեան կը տեղեկացնէ Սարգիսի թէ օսմանեան կառավարութիւնը նկատի առնելով իր եւ ընկերներուն ռուսահպատակ ըլլալը, ամսական դրոյթով նպաստի գումար մը պետի յատկացնէ իրենց: Այդ օրէն ի վեր օսմանեան կառավարութիւնը ռուսահպատակ հայ երիտասարդներուն կը սկսի նիւթապէս քիչ մը օգնել: Այս մասին Սարգիս Մակարոֆ կ’ըսէ. «Վերջապէս Օսմանեան Պետութեան կողմից մեր ռուսահպատակութիւնը ճանաչուել էր, գոնէ մենք այդպէս էինք կարծում» (էջ 112): Սակայն այս ճանաչումէն ետք ռուսահպատակ հայ երիտասարդները թրքական իշխանութիւններու կողմէ ութ ամիս եւս Տէր Զօրի անապատի անորոշութեան ու տագնապի վիճակին մէջ կը ձգուին: 6 հոկտեմբեր 1916ին թուրքերը զանոնք Հալէպ եւ ապա Գոնիա կը տեղափոխեն, իսկ միայն 22 Հոկտեմբեր 1918ին, այսինքն երկու տարի ետք անոնց պաշտօնական հեռագիրով կը յայտնուի թէ ազատ են այլեւս (էջ 153) ու անոնք թուրքերու կողմէ յետոյ Կ. Պոլիս կը տարուին:
Խմբագիրը՝ Նուպար Մակարոֆ յուշագիրքին ետեւի կողքին վրայ զետեղած է Սարգիս Մակարոֆի կենսագրութիւնը, որմէ կը մէջբերենք հատուած մը. «Սարգիս Մակարոֆ 1915-1918 ժամանակաշրջանում վերապրեց Թուրքիայում տեղի ունեցած հայերի մեծ տեղահանութիւնը: Տեղահանութիւնը կրում էր ռազմաքաղաքական բնոյթ, բայց կատարուածի ծաւալը այնպիսին էր, որ այն դարձաւ մարդկութեան դէմ կատարած ոճրագործութիւն, որին զոհ գնացին աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր: Սարգիսը հաւանաբար միակն է կենդանի մնացածներից, որը տեսածի եւ վերապրածի վկայութիւնները հաղորդել է մեզ իր՝ աքսորի չորս երկարաձիգ տարիները օրէցօր արտացոլող օրագրի միջոցով: Այդ օրագիրը իրենից ներկայացնում է արժէքաւոր ու հաւաստի մի եզակի վաւերագիր աւելի քան 80 տարի առաջ ամբողջ հայ ժողովրդի կրած տանջանքների մասին»:
Այս յուշագրութեան կարեւորութիւնը այն իրողութեան մէջ կը կայանայ, որ փաստացիօրէն կը հաստատէ թէ երիտթուրքական պետութեան հիմնական նպատակը հայերը բնաջնջել էր, առանց նկատի առնելու անոնց որեւէ տեսակի յարանուանական, քաղաքացիական թէ այլ պատկանելիութիւնը, նաեւ իրավիճակէն օգտուելով ուր որ կը հասնէր թուրք զինուորը Օսմանեան Պետութեան սահմանէն դուրս ալ՝ ինչպէս Հայաստանի արեւելեան հատուածին թէ Պարսկահայքի մէջ: Այս մէկը նկատառելի է այսօր ալ…: