Ապահովական նոր փոթորիկ մը կրնայ հարուածել Լիբանանը, եթէ անոր քաղաքական հոսանքները չանսան ազգային գիտակցութեան կոչերուն: Անհանդուրժողութիւնը եւ հատուածական շահերու վազքը կուրացուցած է ոմանց, մոռնալով խիղճ, հայրենիք եւ պետական մտածողութիւն:
Տասնամեակ մը առաջ, Լիբանանի մէջ համայնքային առ ճակատումի մը սպառնալիքին մասին նախազգուշացումները, ծիծաղելի ու երեւակայածին կրնային թուիլ ոմանց: Հակամարտութեան կողմերը յստակ են այսօր. շիի զօրանոցը՝ Հըզպալլայի գլխաւորութեամբ, միւսը՝ արմատական, սալաֆական սիւննի զօրանոցը: Սակայն ցաւալին այն է, որ լարուածութեան պատճառները ոչ մէկ առնչութիւն ունին ներլիբանանեան առօրեային հետ, այլ՝ աղերսուած են Սուրիոյ զարգացումներուն, Իրանի միջուկային ծրագիրին եւ իսլամական աշխարհի մէջ ծագած սիւննի – շիի լռելեայն պատերազմին հետ: Շէյխ Ասիրի երեւոյթը այս սահմաններուն մէջ արժէ դիտել: Լարուածութիւնը խորացաւ, երբ տեղական կարգ մը հոսանքներ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութեան վրայ դրին իրենց գրաւը: Մոռցան Լիբանանի ներքին մտահոգութիւնները: Մոռցան որ Լիբանանն է իրենց հայրենիքը: Մոռցան, որ ձախողութեան դատապարտուած եւ սուղ արժած են լիբանանեան համակեցութիւնը խախտելու փորձերը: Մինչեւ այս պահը, ոմանք կը փորձեն Լիբանանը դուրս բերել որդեգրած չէզոքութեան ընտրանքէն եւ ամէն գնով մխրճել Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ…:
Շատ դիպուկ արտայայտուեցաւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ, երբ անխտիր դատապարտեց Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ ուղղակի առնչակից դառնալու փաստը: Քաղաքական մտքի տհասութեան հետեւանք է պարզապէս, Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ դեր ստանձնելու ոմանց մարմաջը, երբ առաջին իսկ պահէն ակնյայտ էր, որ արեւմտեան եւ արաբական պետութիւններն են խաղի կանոնները թելադրողը: Հետեւաբար, նախընտրելի պիտի ըլլար զգուշանալ նոր արկածախնդրութիւններու արհաւիրքէն: Բաւարար են լիբանանցիներուն ապրած մահն ու սարսափը, քանդումն ու աւերը, արտագաղթն ու ընկերային, տնտեսական դառնութիւնները…: Լիբանանեան կարգ մը խմբաւորումներ կարծէք տեղեակ ալ չըլլային սուրիական հակամարտութիւնը երկխօսութեան ճանապարհով լուծելու միջազգային ընտանիքի նախաձեռնութիւններէն: ՄԱԿ-ը եւ որոշումի տէր մայրաքաղաքներ կտրականապէս կը մերժեն հակամարտութեան ռազմական լուծումը: Այժմ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան երկխօսութեան եղանակին ու տարազին շուրջ: Սակայն ըստ երեւոյթին, տուժող կողմեր գոյութիւն ունին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումէն: Որոշ խմբաւորումներ կառչած կը մնան ռազմական ընտրանքին: Բայց ի վերջոյ, երկխօսութեան ճանապարհով պիտի լուծուի հակամարտութիւնը:
Դիւանագիտական լուծումը գետին շահելու պարագային, սուրիական բանակը պիտի շարունակէ արմատական հոսանքներու դէմ արշաւը: Ո՞ր ուղղութեամբ փախուստ պիտի տան վերջիններս: Շնորհիւ Յորդանանի եւ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութեան, արմատականներուն առջեւ Յորդանանը կը մնայ փակ: Մի մոռնաք, որ վերջերս Մոսկուայի մէջ, Ապտալլա Բ. Թագաւորը նախագահ Վլատիմիր Փութինին խոստացաւ իր երկրին սահմանները փակել Ալ Քայիտայի եւ արմատական հոսանքներու առջեւ: Թուրքիա կտրականապէս կը մերժէ ընդունիլ զանոնք, այն մտահոգութեամբ որ անոնք կրնան ապակայունացնել երկիրը: Միակ պարարտ հողը կը մնայ Լիբանանը: Չար շշուկները կ’ըսեն, թէ Սուրիայէն խոյս տուած սալաֆականներ, Ճեպհէթ Ալ Նուսրայի զինեալներ, զանազան որջեր հաստատած են Հիւսիսային Լիբանանի եւ Սայտայի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ: Բազմազգ արմատականներու մուտքը աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ մը ստեղծած է Լիբանանի մէջ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա, Չորեքշաբթի օրուան իր հրապարակային ելոյթին ընթացքին յստակօրէն ըսաւ.«Քանի մը օրեր Լիբանանը կը բաժնեն խռովութենէն»: Նասրալլայի արտայայտութիւնները շատ կը յիշեցնէին 7 Մայիս 2008-ի դէպքերուն նախօրէին անոր հրապարակային վերջին ելոյթը:
Արաբական աշխարհի շատ մը պետութիւններու համար ձեռնտու է շահագործել լիբանանեան հոսանքներու միջեւ տարակարծութիւնները եւ ներքին արիւնահողութեան նոր «ռաունտ»ի մը մէջ մխրճել երկիրը: Ո՞վ հաշուի կ’առնէ զսպուածութիւն եւ գիտակցութիւն ցուցաբերելու հանրապետութեան նախագահին կոչերը:
Անկիւնադարձային ժամեր կ’ապրի Լիբանանը: Բայց մարդկային ինչպիս՜ի հեգնանք, երբ խորհրդարանի ու քաղաքական հոսանքներու մեծամասնութիւնը այլ առաջնայնութիւններ ունի իր օրակարգերուն վրայ: Դժբախտաբար ընտրական օրինագիծն է մահ ու կենաց՝ ամենահրատապ հարցը: Սակայն, պահ մը կը հարցնե՞ն արդեօք, թէ վայրկեան առ վայրկեան անորոշութեան գիրկը մղող պայմաններուն տակ, կարելի պիտի ըլլա՞յ իրականացնել խորհրդարանական ընտրութիւններ: Վառօդային տակառի վրայ նստած Լիբանանը ընդհանրապէս ինչպիս՞ի պատկեր պիտի ունենայ չորս ամիս ետք: Արեւմուտքը նոյնպէս մտահոգ է Լիբանանի զարգացումներով: Այս կը վկայէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիյմ Հէյկի այցելութիւնը Պէյրութ:
Անցեալին, Իրանի, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն մը կը հանդարտեցնէր տեղական կիրքերը: Սակայն այսօր, հովանաւորներուն միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին Սուրիոյ վերաբերեալ: Բոլոր ենթատուեալները կը յուշեն, ոչ նախանձելի կացութեան մը իրողութիւնը Լիբանանի մէջ: Արեւմտեան պետութիւններն անգամ անզօր պիտի ըլլան միացեալ տարազով ներկայանալու՝ ապահովական մագլցումի մը պարագային:
Լաւագոյն ելքը այս մտահոգիչ կացութիւնը շրջանցելու՝ հանրապետութեան նախագահին հովանոցին տակ քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ, առանց նախապայմաններու ներքին երկխօսութիւնն է: Վճռական կեցուածք մը՝ Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային զարգացումներէն եւ թիկունք կենալու ազգային բանակին քայլերուն:
Այս պահանջելով, ինքնազսպումի կոչ կ’ուղղենք Լիբանանեան փոքր պաստառներուն վրայ յաճախակիօրէն յայտնուղ մեր քաղաքական այրերուն: Լսատեսողական լրատուամիջոցներու առջեւ մեր խորհրդարանականներուն ցուցաբերած անպատասխանատու կեցուածքները եւ դրսեւորումները անթոյլատրելի են եւ վտանգաւոր: Կարծէք մթնոլորտի ապակայունացումը ըլլար անոնց գլխաւոր նպատակը: Մեր յարգելի խորհրդարանականները պէտք չէ մոռնան, որ լիբանանցի ժողովուրդը ընտրական օրինագիծէն առաջ եւ առանց բացառութեան՝ իսկական բարեկարգութիւններ կը սպասէ իր երեսփոխաններէն…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ