Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր, կ.ե. ժամը 3ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ արք. Աշճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 34րդ հատորի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, հայրենի մտաւորականներու, հայագիտութեան տարբեր գիտակրթական կեդրոններու ներկայացուցիչներու, գիտաշխատողներու, հանդէսի հին ու նոր աշխատակիցներու:
Շնորհանդէսին բացումը կատարեց «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Երեւանի ներկայացուցիչ դոկտ. Արծուի Բախչինեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան խորհուրդը, հրաւիրեց Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը: Վերջինս իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայրենի եւ սփիւռքահայ աշխատակիցներու առողջ համախմբումը Հանդէսին շուրջ եւ տիրող համագործակցութեան ոգին, մատնանշելով որ «բոլորս ալ այս ձեւով կը լիցքաւորուինք եւ իրարմով կ՛ուժականանանք»:
Ապա խօսք առաւ հանդէսի երկարամեայ աշխատակից, բանասէր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, որ «Հայաստանի եւ արտասահմանի հայ թէ օտար մասնագէտներու բազմալեզու ժամադրավայր նկատեց հանդէսը, առանց ժամանակի թէ գիտակարգի խտրութեան»: Մատթէոսեան անդրադարձաւ 34րդ հատորին բովանդակութեան, նիւթերուն բնոյթին, քննարկուած հարցերուն եւ հաստատեց, թէ ««Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը յարատեւ ու հետեւողական աշխատանքով կը շարունակէ պահել իր որակը, զուգորդուած խմբագրութեան բծախնդիր մօտեցումին, ամէն մէկ յօդուած վերջնական տեսքի բերելու, զայն անցընելու երկարատեւ զտումի ու մշակումի բովէն, ճոխացնելու եւ բարելաւելու՝ լեզուական խմբագրումով ու բովանդակային փոփոխութիւններով, որոնք այդ անտեսանելի գործին արգասիքն են»: Մատթէոսեան ափսոսանք յայտնեց, որ «Հանդէսը հայագիտական մամուլի սակաւաթիւ ներկայացուցիչներէն մէկն է։ Տխուր է հաստատել, որ անիկա սփիւռքահայ հայագիտական պարբերականներու հայալեզու վերջին մոհիկաններէն մէկն է Սփիւռքի մէջ»:
Ան տագնապալի նկատեց հանդէսին մէջ տեղ գտած 36 նիւթերէն միայն հինգին արեւմտահայերէն գրուիլը, հաւաստելով նաեւ, որ «այս երեւոյթը խմբագրութեան մնայուն մտահոգութեան առարկան է»: Այս առթիւ Մատթէոսեան վկայակոչեց հատորին խմբագրականը, ուր բարձրացուած է հայաշխարհը յուզող անկիւնադարձային զարգացումներու շարք մը: Մատթէոսեան թուեց նաեւ նման կացութեան մը տուն տուող պատճառներ, ապա «ուրախալի» գտաւ, որ հանդէսի «էջերէն տեւաբար նոր անուններ կը յայտնուին, որոնց մէկ մասը երիտասարդ ու միջին սերունդին կը պատկանին»: Հուսկ, ան վկայակոչեց հատորի խմբագրականին՝ հայագիտութեան նոր տրամաբանութեան մեկնաբանութեան մէկ երեսակը՝ «հայագիտական ուսումնասիրութեանց բերքին օգտագործումը ի նպաստ հայ ազգային պետական, ընկերաբանական, քաղաքական միտքի զարգացումին եւ ազգային միասնութեան գաղափարին ամրապնդումին» ու մերժեց «գաղափարական երբեմնի կապանքները, որոնք յղի են նորատեսակ կապանքներ ստեղծելու վտանգով» եւ եզրափակեց՝ ըսելով. «Գիտութեան յառաջընթացը կարծիքներու բախումէն կը բխի եւ ոչ թէ պարտադրումէն. «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը այդպիսի բացխօսութեան բեմ մըն է աշխարհի բոլոր հայագէտներուն համար, եւ կը մաղթենք, որ անշեղօրէն պահէ այդ սկզբունքը»:
Ապա խօսք առաւ ազգագրագէտ դոկտ. Հրանոյշ Խառատեան, որ մատնանշեց հանդէսի «յաջող փորձը» դեռեւս շատ փորձ չունեցողներու եւ փորձառուներու հաւասար ընդգրկումը: Խառատեան անդրադարձաւ Լիբանանի տագնապալի տարիներուն եւ գնահատեց «անընդմէջ» կանգուն մնալը հանդէսին՝ նշելով, որ հանդէսը ունի իր դէմքն ու դերը հայագիտութեան մէջ, եւ առաջարկեց, թէ թերեւս արդէն ժամանակն է, որ հանդէսի աշխատակցութիւններէն ընտրանի մը առանձինն հրատարակուի օտար լեզուով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող օտարալեզու հայագիտական յօդուածներու ընտրանի մը հայերէնով հրատարակուի Երեւանի մէջ: Խառատեան կարեւորեց նաեւ հանդէսի հրապարակումներու բաժինը եւ եզրափակեց իր խօսքը՝ ընդգծելով հանդէսի յառաջատար դերը նաեւ հայոց լեզուի օգտագործման միջավայրի ու դերի ընդարձակման ու զարգացման մէջ:
Հուսկ, խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ հանրութեան համառօտակի ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական գործունէութեանց համապատկերը՝ «Տէրեան» հայագիտական գրադարան, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն, «Հայկազեան» հրատարակչատուն եւ հայագիտական դասանիւթերու դասաւանդում: Վեր. Հայտոսթեան ընդգծեց. «Հանդէսը մեզի շունչ տուող իրականութիւն է, անիկա մեր միտքը կը պահէ մեր առաքելութեան մէկ մասը հանդիսացող հայագիտական ոլորտը», եւ շեշտեց, որ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը յատուկ ֆոնտ մը չունի, եւ թէ «աշխատանքը կը հիմնուի հոգեկան, մարդկային դրամագլուխին վրայ»։
«Աստուած միշտ մեր մէջ պահէ այդ հոգեկան ու մարդկային դրամագլուխը», ըսաւ դոկտ. Հայտոսթեան: Հուսկ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աշխատակիցներուն հանդէսին գեղեցիկ արդիւնքին համար:
Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաները խօսակցեցան եւ արծարծեցին հանդէսի յառաջիկայ՝ 35րդ հատորին, բովանդակութեան, աշխատակցութեան, նիւթերու ժամկէտերուն եւ այլեւայլ առնչակից հարցեր: