ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
«Պահեցողութիւնը զէնք մըն է, որով
կը կռուինք մեղքի ալիքներուն դէմ եւ
կը ճամբորդենք դէպի երկինք»
Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ
Կան անձեր, որոնք կ՛ուզեն պահեցողութենէ հեռու մնալ` պատճառաբանելով, որ «պահքը այնքան ալ կարեւոր բան մը չէ հոգեւոր կեանքը զօրացնելու համար», «ես աղօթքով ալ կրնամ իմ հոգեւոր կեանքս զօրացնել», «եթէ միս չուտեմ, մեղքերս պիտի ներուի՞ն» եւ նման արտայայտութիւններ ունենալով: Եթէ պահքին արտաքին մաշկը` ուտելիքներէ զրկուիլը նկատի առնենք, այո՛, այդպէս է, բայց կարեւոր է դիտել տալ, թէ կենդանական արտադրութիւններէ հեռանալը պահեցողութեան լոկ առաջին քայլն է. պահեցողութիւնը հսկայ աշխարհ մըն է, զոր պէտք է լաւ հասկնալ, այլապէս կը նմանինք արիոսականներուն, որոնց համար Մեծն Աթանաս կ՛ըսէ. «Ինչ որ չեն հասկնար, չեն ընդունիր իբրեւ գոյութիւն» (իմաստային թարգմանութիւն, Works on the Spirit, Letter Two, page 107):
Պահեցողութիւնը անբաժան մէկ մասնիկն է Աստուածաշունչին: Անոր էջերուն մեծամասնութիւնը կը խօսին ծոմապահութեան եւ պահեցողութեան մասին: Պահքի հասկացողութիւնը գոյութիւն ունէր առաջին մարդուն օրէն իսկ եւ ոչ թէ ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ գոյութեան հետ: Երբ կարդանք ծննդոց գրքին առաջին էջերը, հոն պիտի հանդիպինք Տիրոջ կողմէ Ադամին ուղղուած հետեւեալ խօսքին. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր» (Ծնն. 2. 16): Առաւել, առաջին մարդը մերկացաւ (հմմտ. Ծնն. 3. 10) իր աստուածային պատկերէն` Աստուծոյ խօսքին հանդէպ անհնազանդութիւն ցուցաբերելով` ձեւով մը պահեցողութիւնը խզելով: Մեծն Բարսեղ կ՛ըսէ. «Քանի որ պահք չպահեցինք, անոր համար ալ դրախտէն դուրս դրուեցանք. ուրեմն պահք պահենք, որպէսզի նորէն դրախտ մտնենք» («Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին», էջ 33):
Հակառակ այս իրականութեան, Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ունենալու համար շատ մը մարգարէներ եւ սուրբեր պահեցողութիւն կատարեցին, օրինակ` Մովսէս մարգարէն քառասուն օր ու քառասուն գիշեր ծոմ պահեց (հմմտ. Ելք. 24. 18): Եղիա մարգարէն քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր պահք պահեց եւ այդ իսկ պատճառով արժանի եղաւ հրեղէն կառքով երկինք համբարնալու (տե՛ս` Դ. Թգ. 2. 1-18): Յովնան Մարգարէն Նինուէացիներուն հետ ծոմ պահեց (Յվն. 3. 5): Դանիէլ մարգարէն, իր ծոմապահութեան մասին խօսելով, կ՛ըսէ. «Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէսզի մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցեմ» (Դն. 9. 3): Յովհաննէս Մկրտիչն ալ պահք կը պահէր: Ան երկրի կերակուրի համար պատրաստուած բերքէն ոչինչ կ՛ուտէր ու կը խմէր, այլ` միայն մարախով եւ վայրի մեղրով իր սնունդը կ՛առնէր անապատին մէջ (հմմտ. Մտ. 3. 4 եւ Մր. 1. 6): Ան պահքով մաքրուած` եղաւ նախակարապետ եւ տեսանող` անճառելի շնորհներուն: Սակայն, այս բոլորին դափնեպսակը կը նկատուի մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ ծոմապահութիւնը (Մտ. 4. 1-11), որուն հիման վրայ հայ առաքելական Ս. եկեղեցին սահմանած է Քառասնօրեայ պահեցողութեան ոսկեայ շրջանը:
Եկեղեցւոյ հայրերն ալ պահեցողութեամբ սրբուեցան եւ զայն թէ՛ խօսքով` քարոզով, եւ թէ գրութիւններով մեզի թելադրեցին: Պահեցողութիւնն էր, որ քաջալերանք եւ եռանդ տուաւ անոնց, որպէսզի նուաճեն սրբութեան գագաթը, ուր Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին գրկաբաց կը սպասէ: Անոնք պիտի չկարենային սուրբեր դառնալ առանց պահեցողութեան, որ զիրենք մաքրողն ու սրբացնողն էր: Յովհան Մանդակունի հայրապետը այս մասին կը գրէ. «Ճշմարիտ պահեցողութեան շնորհիւ մեր հայրերը նշաններ եւ հրաշքներ կը կատարէին, դեւեր կը հանէին, հիւանդներ կը բժշկէին, մեռելներ կը կենդանացնէին, ջուրին վրայէն կը քալէին, արեւուն ընթացքը կը կասեցնէին» («Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին», էջ 23):
Պահեցողութիւնը միայն կենդանական արտադրութիւններէ հեռանալը չէ, այլապէս սննդականոնի պատուէր մը պիտի դառնար: Ինչպէս յիշեցի, միսէ հեռանալը պարզապէս պահեցողութեան առաջին քայլն է: Պահեցողութեան երկրորդ քայլը մարդկային տկարութիւններէն ու մեղքի ճահիճէն դուրս գալն է: Ուրիշ խօսքով` պահեցողութեան երկրորդ քայլը ատելութենէ, որովայնամոլութենէ, ցանկասիրութենէ, հեշտասիրութենէ, չարամտութենէ, նախանձէ, զրպարտութենէ, հայհոյութենէ, հպարտութենէ, բարկութենէ, բամբասանքէ, ամբարտաւանութենէ, ագահութենէ, վրէժխնդրութենէ, ցասումէ, նախատելէ, ծուլութենէ, ծաղրելէ, խեղկատակութենէ, սպանութենէ, շնութենէ, պոռնկութենէ, արբեցողութենէ, գողութենէ եւ ասոնց նման զզուելի ու գարշելի մեղքերէ դադրիլն է: Ուստի խնդրենք մեղքերու թօթափումը` ըսելով. «Մաքրեա՛ ի մէնջ զմէգ մեղաց եւ զգեցո զլոյս փառաց» (շարական): Պահեցողութեան երրորդ քայլը, մեր վրայէն թօթափած մեղքերուն փոխարէն աստուածապարգեւ շնորհներ ստանալն է: Ըստ իս, քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը պէտք է կոչել «Շնորհաբաշխութեան շրջան», որովհետեւ երրորդ քայլով մեր աչքերը կը դառնան լաւատես, ականջները` աստուածային ձայնը լսելու կազմ ու պատրաստ, լեզուները` քաղցրախօս եւ մեղրայորդ, ձեռքերը` բարեգործ, սրտերը` ուղիղ եւ մաքուր: Այս մասին Մեծն Բարսեղ ըսած է. «Սքանչելի բան է պահքը, որովհետեւ կը կոխկռտէ մեր մեղքերը փոշիի նման, եւ ծնունդ կու տայ ճշմարտութեան` ծաղիկի նման» («Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին», էջ 22): Արդեօք պահքը մերժողները պիտի կարենայի՞ն առանց պահք կատարելու քառասուն օրերու սահմաններուն մէջ այսքա՜ն շնորհք ստանալ… կը կասկածիմ: Պահեցողութեան չորրորդ քայլը ստացած շնորհներուն պահպանումն է: Եթէ Աստուած մեր պահեցողութիւնը օրհնելով Իր շնորհքները առատապէս բաշխեց մեր վրայ, սա կը նշանակէ, թէ այդ շնորհքները միայն քառասուն օրերու սահմաններուն մէջ պիտի չպահենք, այլ` մինչեւ մեր կեանքի իրիկնումը: Հինգերորդ քայլը ուրիշին օգտակար դառնալն է: Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը կարելի է կոչել նաեւ «իրարօգնութեան կամ եղբայրօգնութեան շրջան», որովհետեւ պահեցողութեան ընթացքին մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է բարեգործ դառնայ: Բարեգործ ըլլալ չի նշանակեր միայն նիւթականով օգնող ըլլալ, երբեմն անուշ խօսք մը, ողջագուրում մը, մեր ստամոքսէն զրկածը աղքատի մը տալը կամ ժպիտ մը կրնան մեր նմանին այնպիսի՛ երջանկութիւն մը շնորհել, որ աշխարհի դրամները կ՛արժէ: Այս մասին Աստուած կ՛ըսէ. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս` անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես. 58. 6-7): Պահեցողութեան վեցերորդ քայլը աղօթական կեանքին մէջ աճ արձանագրելն է: Յիշեալ բոլոր քայլերը կապուած են վեցերորդ քայլին, առանց որուն կարելի չէ պահեցողութիւնը պահեցողութիւն նկատել: Յովհաննէս Քրոնսթատցի կ՛ըսէ. «Աղօթք մը որուն հիմը պահեցողութիւնն է` կը դառնայ մեծագոյն առաքինութիւնը» («Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին», էջ 38):
Յիշեալ վեց քայլերը պահեցողութիւնը կը նմանցնեն ձուլարանի, որուն մէջ մտնելով մարդը կը դադրի հողանիւթ ըլլալէ եւ կը դառնայ շնորհափայլ արարած մը: Սակայն հարկ է խոստովանիմ, որ պահեցողութիւնը այնքան ալ դիւրին եւ նեղութիւններէ զուրկ բան մը չէ: Անոր ընթացքին մեր մարդկային տկարութեան դէմ դնելը եւ չարին շահագործումները յաղթահարելը մեծ փորձութիւններ են: Չարը կ՛ուզէ ամէն գնով կասեցնել մեր պահեցողութիւնը եւ մեզ կրկին մեղքի գուբին մէջ նետել: Այս մէկը պէտք է ա՛լ աւելի երջանկացնէ մեզ, որովհետեւ երբ Բանսարկուն կ՛ուզէ մեր պահեցողութիւնը դադրեցնել, սա կը նշանակէ, թէ մեր պահքը աստուածահաճ է: Այդ ժամանակ պահեցողը պէտք է մտաբերէ, թէ սատանան թունաւորելու ամէնէն ազդու եւ հզօր «թոյն»-ը հաւատքով պահեցողութիւնն է, որ կրնայ չարը զգետնել եւ հարուածել: Քրիստոս ալ Իր հաւատքով ծոմ պահելուն շնորհիւ սատանան վտարեց` ըսելով. «Ետի՛ս գնա, սատանա՛յ» (Մտ. 4. 10): Ս. Յովհան Մանդակունի կ՛ըսէ. «Պահեցողութիւնը թշնամիին (սատանային) դէմ հզօր աշտարակ մըն է, եւ սատանայի բոլոր նետերուն դէմ` ամուր պարիսպ մը» («Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին», էջ 18):
Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալ-ընթերցող, այս գրութիւնը ընթերցելէ ետք դուն դատէ, թէ պահեցողութիւնը պահելու համար կ՛արժէ՞ զոհողութիւններ կատարել, թէ՞ շարունակել այն միապաղաղ ընթացքը, որ ամէն օր կը պահենք: Պահեցողութեան օրերը հասան, եւ ժամանակն է հոգեւորապէս եւ մարմնապէս պատրաստուելու: Եթէ ընտրես կատարել վերեւ յիշեալ վեց կէտերը` «Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի: Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ ու Տիրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ: Այն ատեն պիտի կանչես, եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես ու Անիկա պիտի ըսէ. «Ահա՛ ես» (Ես. 58. 8-9):
Պիքֆայա, Լիբանան