«Մարդոց կեանքը շատ աւելի կարեւոր է, քան տօնական հանդիսութիւններն ու համայնքային բաժնեկցութիւնները», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ անդրադառնալով այն տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց հայկական Ս. Ծննդեան տօնին պատճառով պատկան կողմեր կը խուսափին երկիրը ամբողջութեամբ փակել շաբաթասկիզբէն սկսեալ:
Բագրատունի կոչ ուղղեց կառավարութեան` անմիջական, ամբողջական փակումի եւ հայկական Ս. Ծննդեան տօնը պատրուակ չդարձնելու «Յիսուսի ծնունդը կեանքի խորհրդանիշ է, եւ անհրաժեշտ է, որ ապրի՛նք, որպէսզի վկայակոչենք այս ծնունդն ու անոր խորհուրդը», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: