ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի մէջ պարսկերէնով հրատարակուած է արեւմտահայ անուանի գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ Տարիներ–1914-1919, Անձնական Յիշատակներ» գիրքը: Ասիկա հեղինակին յուշագրութիւնն է Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի օրերէն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արաքս» շաբաթաթերթը:
416 էջերէ բաղկացած այս գիրքը, որ հրապարակուած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէնի թարգմանուած է իրանահայ տաղանդաւոր թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեանի կողմէ եւ տպուած է Միրզախանեան ընտանիքին մեկենասութեամբ՝ Արամայիս Միրզախանեանի յիշատակին, «Աֆրազ» հրատարակչատան միջոցով:
Ա. Խեչումեան իրանահայ ամէնէն աշխոյժ թարգմանիչներէն է: Ան իր թարգմանած տասնեակ գիրքերու շարքին թարգմանած եւ հրատարակած է նաեւ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի»ն, որ մեծ ընդառաջում գտած է պարսիկ ընթերցողին կողմէ եւ առաջին հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետք սպառած ու վերահրատարակուած է։
Նշենք, որ Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինը կեանքի կոչուած է Թեհրանի Հայ մարզական-մշակութային «Րաֆֆի» համալիրին, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնին, անկախ մտաւորականներու, «Իրանահայեր» լրատուական կայքին եւ «Արաքս» շաբաթաթերթին կողմէ: