ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԵՐԳԻԾԱԳԻՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ «ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Ի ԾԱՊԼՈՒԱՐ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ 110ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
19 Սեպտեմբեր 2019-ին լրացաւ ծննդեան 150ամեակը հայ ժողովուրդի մեծատաղանդ գրողներէն Երուանդ Օտեանի, որ հայկական երգիծագրութեան անվիճելի հսկային՝ Յակոբ Պարոնեանի իւրօրինակ, այլեւ արժանաւոր յաջորդը կը հանդիսանայ:
Պարոնեան եւ Օտեան իրաւամբ կը խորհրդանշեն մեծ ու փոքր Մասիսները հայկական երգիծագրութեան:
Երուանդ Օտեան որոշապէս չունեցաւ Յակոբ Պարոնեանի շեշտակի անհատականութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, իր հաւատացած գաղափարներուն համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու, հալածուելու եւ անօթի մնալու գնով անոնց կառչած մնալու հետեւողականութիւնը։
Բայց Ե. Օտեան անկասկած ունեցաւ կեանքն ու մարդիկը հասարակական, այլեւ քաղաքական լայն ընդգրկումով ճանչնալու, երգիծանքը գեղարուեստական բարձրորակ մշակումի արժանացնելու եւ ազգային¬ընկերային մեր թերութիւններն ու յոռի բարքերը անխնայ ձաղկելու ընդգծուած տաղանդ։
Երուանդ Օտեանի կերտած «Ընկեր Փանջունի»ի կերպարը առանձինն բաւարար է, որպէսզի հայկական երգիծագրութեան այս ինքնատիպ վարպետը իր արժանի տեղը գրաւէ հայ ժողովուրդի վաւերական մեծերու եւ անմահներու համաստեղութեան մէջ։
Այս տարի կը լրանայ նաեւ «Ընկեր Փանջունի» շարքին առաջին եւ անգերազանցելի մասին՝ «Առաքելութիւն Մը ի Ծապլուար»ի հրապարակման 110-ամեակը:
Ինչպէս որ անուանի գրականագէտ Լեւոն Հախվերդեան շարքի հայաստանեան հրատարակութեան ներածականին մէջ նշած է. «Քաղաքական իմաստակութեան եւ դեմագոգեայի դէմ հայոց լեզուով ոչինչ չի գրուել աւելի զօրեղ, քան Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի» եռագրութիւնը…:
«…Պարոնեանն ազգային գործիչներին եւ մեծատուններին դատում եւ անխնայ ծանակում էր ոչ թէ ըստ քաղաքական, այլ բարոյական չափանիշների: Քաղաքականի ժամանակը դեռ չէր եկել: Քաղաքական գործիչներին ծաղրելու խնդիրը ժամանակը վերապահել էր Օտեանին, եւ նա պատրաստ էր դրան: Իր մեծ նախորդից առնելով հայ երգիծաբանութեան աւանդները, նա այդ գործին ձեռնամուխ եղաւ եզակի հետեւողականութեամբ ու տարաւ մինչեւ իր կեանքին վերջը: Ամէն մի շարժում, առաւել եւս քաղաքական շարժում, իր հետ բերում է նաեւ պղտոր փրփուր, բերում է գաղափարներ շահագործող շառլատաններ, պատեհապաշտ եւ արծաթասէր գործիչներ, ժողովրդին վնաս բերող պոռոտախօսներ: Հէնց նրանք էլ դարձան Երուանդ Օտեանի անվրէպ ծաղրի ու ծանակման առարկան: Եւ դա է ամէնից կարեւորն ու մնայունը նրա ծովածաւալ գրական ժառանգութեան մէջ (թերեւս նա է հայ գրողներից ամենաբեղմնաւորը), դրանով է նա գրաւում իր անփոխարինելի տեղը հայ գրականութեան պատմութեան մէջ»:
Ե. Օտեանի կերտած «Ընկեր Փանջունի»ն ըստ ամենայնի ծաղրելի մարմնաւորումը դարձաւ հայ յեղափոխական պանծալի շարժման՝ 19րդ դարավերջի հայ յեղափոխական կուսակցութեանց շարքերուն մէջ սողոսկած կեղծ յեղափոխականներուն, յատկապէս ընկերվարութեան վեհ սկզբունքներն ու գաղափարական արժէքները չարաշահող մակաբոյծներուն եւ պատեհապաշտ ցեցերուն:
Գրական բնատուր տաղանդին կողքին՝ կեանքի պայմաններն ու կազմաւորման միջավայրը վճռական դեր ունեցան «Ընկեր Փանջունի»ն յաւերժացնելու մեծ երգիծագիրին յաջողութեան մէջ:
Հայ նահապետական Օտեան տոհմի շառաւիղ էր Երուանդ։ Եղբօրորդին էր արեւմտահայ Զարթօնքի սերունդի ականաւոր դրօշակիրներէն Գրիգոր Օտեանի։ Ծնած էր Պոլսոյ արուարձաններէն Ենի¬Քէոյի մէջ, Վոսփորի ափին։ Հայրը Օսմանեան կայսրութեան պետական պաշտօնատար էր եւ հիւպատոսական պաշտօնով յաճախ կը տեղափոխուէր երկրէ երկիր՝ իր հետ տանելով նաեւ ընտանիքը։ Այդ պատճառով ալ, մանուկ տարիքէն, Երուանդ Օտեան ապրած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ։ Նաեւ՝ անհանդարտ մանուկ մը ըլլալով, չէ յաճախած դպրոց եւ տան մէջ ստացած է իր ուսումը, մասնաւոր դաստիարակներու դասաւանդումներով։ Ազգային¬հասարակական իր կազմաւորման վրայ մեծ եղած է ազդեցութիւնը հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի, որուն մօտ ալ քանի մը տարի ապրած է Փարիզի մէջ։ Պայմաններու բերմամբ սորված է տարբեր լեզուներ եւ, թրքերէնի կողքին, տիրապետած է նաեւ ֆրանսերէնին եւ գերմաներէնին։ Մեծնալով Գրիգոր Օտեանի մտերիմներու շրջապատին մէջ, մօտէն ծանօթացած է Մինաս Չերազի, Նահապետ Ռուսինեանի, Թովմաս Թերզեանի եւ Ռեթէոս Պէրպէրեանի տարողութեամբ ազգային գործիչներու հետ։
Թէեւ 1880ականներու վերջերուն, երբ ընտանիքը վերադարձած է Պոլիս, կարճ ժամանակով յաճախած է «Պէրպէրեան» վարժարանը, բայց ընդհանրապէս ինքնաշխատութեամբ Երուանդ Օտեան ապահոված է իր բազմակողմանի զարգացումը։ «Պէրպէրեան» վարժարանի աշակերտ եղած շրջանին խմբագրած է «Վառարան» անունով աշակերտական խմորատիպ երգիծաթերթը, որ շուտով արգիլուած է վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ, իսկ Երուանդ Օտեան ձեռնարկած է «Անհաշտ» անունով սեփական երգիծաթերթի հրատարակութեան։
Մինչեւ 1896 թուականի օսմանեան մայրաքաղաքի հակահայ խժդժութիւնները, Երուանդ Օտեան մնաց Պոլիս եւ աշխատակցեցաւ տարբեր թերթերու՝ «Բիւզանդիոն»ի, «Հայրենիք»ի եւ այլոց։ Այդ շրջանի իր կարեւորագոյն գործը հանդիսացաւ «Վաշխառուն» վիպակը, որ կը ձաղկէ դրամապաշտ վաշխառուի մը շահատակութիւնները՝ այս վերջինին իրմէ տարիքով շատ փոքր աղջկայ մը հետ առանց սիրոյ ամուսնութեան հետեւած ողբերգութեանց լոյսին տակ։
1896ի աշնան, Երուանդ Օտեան հեռացաւ Պոլիսէն եւ ամբողջ 12 տարի շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ Փարիզէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Հնդկաստան, ապրուստի մնայուն միջոց ունենալով մամուլին աշխատակցութիւնը թերթօններով եւ երգիծական տոմսերով, բայց նաեւ տարբեր ասպարէզներու մէջ իր բախտը փորձելով (Հնդկաստանի մէջ գոհարեղէնի վաճառականութիւն ալ ըրաւ)… Թափառականի այդ կեանքը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որպէսզի Երուանդ Օտեան չամուսնանայ եւ ընտանիք չկազմէ. մինչեւ վերջ ալ ամուրի մնաց։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ մինչեւ 1915ի հայ մտաւորականութեան աքսորը (գլխատումը-Խմբ.) աշխոյժ ներկայութիւն դարձաւ հայ մամուլի էջերուն մէջ։ Տարբերութիւն չդրաւ թերթերուն միջեւ եւ միաժամանակ աշխատակցեցաւ գաղափարական տարբեր կողմնորոշումներու տէր թերթերու՝ «Բիւզանդիոն»էն մինչեւ «Ժամանակ» եւ «Ազատամարտ»։
Այս շրջանին գրուեցաւ «Ընկեր Փանջունի»ի «եռահատոր» շարքը («Առաքելութիւն Մը Ի Ծապլուար», 1911. «Ընկեր Բ. Փանջունի Ի Վասպուրական» եւ «Իմ Աշխարհահայեացքները», 1914. «Ընկեր Բ. Փանջունի տարագրութեան մէջ», 1923), որ ծաղրանկարի վերածեց «հայ ընկերվարական յեղափոխական»ի անունը չարաշահող կեղծ կերպարը, որ հայ իրականութենէն կտրուած ու գաղափարական¬բարոյական սրբութիւններէ զուրկ՝ այլանդակ արարած մըն է։ «Ընկեր Փանջունի»ն քաղաքական երգիծանքի գլուխ¬գործոցը դարձաւ հայ գրականութեան մէջ։
Երուանդ Օտեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին եւ աքսորուեցաւ։ Բայց հրաշքով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան եղերական ճակատագիրէն, որովհետեւ գերմաներէնի իր իմացութեան շնորհիւ գրակալ դարձաւ գերմանական բանակին եւ անոր պաշտպանութեան արժանացաւ։
Զինադադարէն ետք Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ նոր թափով լծուեցաւ ժամանակի հայ մամուլին իր աշխատակցութեանց։ Բայց երբ քեմալական իշխանութիւնը եւս սկսաւ զգալի դարձնել իր հակահայ ճնշումներն ու հալածանքները, Օտեան 1922-ին վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, շրջան մը ապրեցաւ Պէյրութ՝ Լիբանան, ապա անցաւ Գահիրէ՝ Եգիպտոս, ուր խմբագրեց «Արեւ»ը, մինչեւ 1926-ի իր մահը: Երուանդ Օտեան վախճանեցաւ Գահիրէ՝ քաղցկեղի հետեւանքով: Թաղուած է Մար Մինա գերեզմանատան մէջ:
Երուանդ Օտեան շատ բեղուն գրիչ մը եղաւ։ Ան հանդէս եկաւ Ս. Ժիրայր, Երօտ, Վահրամ եւ Դեր-Կոմս գրչանուններով: Գրեց աւելի քան 35 վէպեր, վիպակներ ու պատմուածքներ, որոնց մեծ մասը այսօր մոռցուած է, բայց 10ի հասնող վէպեր, վիպակներ ու թատերախաղեր մինչեւ այսօր կ՛արժանանան հայ ընթերցողի գնահատանքին՝ անմահացնելով անունն ու տաղանդը անոնց հեղինակին։
Այդպիսին են «Առաքելութիւն Մը Ի Ծապլուար»ը («Ընկեր Փանջունի»ն), հայոց յեղափոխական շարժման պաշտպանութեան դիրքերէն գրուած «Մատնիչ»ը, Պոլսոյ հայ կեանքի ընկերային արատները մերկացնող ու հեգնող «Թաղականին Կնիկը» եւ «Միջնորդ Տէր Պապան» վէպերը, «Չարշըլը Արթին Աղան» եւ «Զավալլըն» թատերախաղերը, ինչպէս նաեւ 12ամեայ իր թափառաշրջիկ կեանքէն վերցուած «Տասներկու Տարի Պոլսէն Դուրս» յուշագրութիւնը։ Երուանդ Օտեան գրեց առօրեայ հեւքով եւ թերթօնային եղաւ անոր գրականութիւնը, բայց բազմատաղանդ գրողի իր բնատուր արժանիքներով ան կրցաւ մեծ ներդրում ունենալ ոչ միայն հայ երգիծագրութեան գեղարուեստական մշակումին, այլեւ արեւմտահայ աշխարհաբարի յղկումին ու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան իրապաշտ դպրոցի հարստացման մէջ։
Հայ քաղաքական երգիծանքի մեծարժէք վարպետին անմահ պատգամներէն մէկը կրնայ նկատուիլ Օրմանեան պատրիարքի նուիրուած Օտեանի երգիծական ակնարկին հետեւեալ ախտորոշումը. «Առասպելներուն իրականութեան հետ ունեցած կապը բաւական փխրուն կ՛ըլլայ. ատոնք կը ծնին աղաւաղուած ճշմարտութիւններէն շատ անգամ ու քանի ժամանակը թաւալի՝ նոյնքան դժուար կ՛ըլլայ դէպի ճշմարտութիւն ետ դարձը, մանաւանդ երբ արձանով մըն ալ նուիրականացած ըլլայ այդ առասպելը»։
Հայ քաղաքական երգիծանքի անմահ վարպետին գաղափարական կտակը առաւելագոյն խորութեամբ խտացնելու կը ծառայէ անոր թեւաւոր մiտքերէն քաղուած հետեւեալ դիպուկ ախտորոշումները. «Անկեղծ հրապարակախօսը պէտք է ձի ունենայ, որպէսզի ճշմարտութիւնը ըսելէ ետք վրան նստելով փախուստ տայ», «Ճշմարտութիւնը ինչո՞ւ կը բռնաբարուի միշտ, – Որովհետեւ մերկ է եւ գեղեցիկ»