«Հայաստան արդէն իսկ յայտնած է Երուսաղէմի կարգավիճակին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը, զոր կը մնայ անփոփոխ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով Հայաստանի թեր քուէարկելը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւին, որ կոչ կ’ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն` հրաժարելու Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումէն:
«Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցով` իսրայէլեան-պաղեստինեան տագնապի կողմերուն համար ընդունելի լուծման պարունակին մէջ: Ասիկա կրնայ ճամբայ բանալ մնայուն անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար», նշած է Բալայեան: