ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն հրապարակեց «Լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ` նշելով, որ պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան արարողութեան պատասխանատու` Իսրայէլի ոստիկաններուն հետ, որոնք տեղեկացուցին, թէ արարողութեան մասնակցելու արտօնութիւն պիտի տրուի ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու, որոնցմէ միայն 200ը հայեր պիտի ըլլան: Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին այս նոր որոշման հետ եւ հեռացան ժողովէն: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան՝ ըսելով հետեւեալը․
«Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներու մասին, զորս Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի:
«11 Ապրիլին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «Լոյսի» արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որուն ընթացքին վերջիններս տեղեկացուցին, թէ այս տարի պէտք է ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200ը պէտք է ըլլան հայ: Մեր ներկայացուցիչները համաձայն չըլլալով նոր որոշման՝ հեռացան ժողովէն:
«Հայ Առաքելական եկեղեցին «Լոյսի» արարողութեան ընթացքին ունի բացառիկ իրաւունքներ, որոնք արձանագրուած են Ստատուս Քոյի համաձայնագիրին մէջ:
«Լոյսի» արարողութիւնը սկսելու համար հայ եկեղեցւոյ իրաւունքն է բանալ Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռը, որուն կը մասնակցին հարիւրաւոր հայ եւ օտար ուխտաւորներ՝ ականատես ըլլալու այդ բացառիկ արարողութեան: Ապա Երուսաղէմի հայ պատրիարքը, դարձեալ հարիւրաւոր ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր կերպով մուտք կը գործէ տաճարը, որմէ ետք իր ներկայացուցիչը՝ Երուսաղէմի յոյն պատրիարքին հետ կը մտնէ Սուրբ Գերեզման՝ դուրս բերելու Քրիստոսի Յարութիւնը խորհրդանշող «Լոյս-Կրակը»:
«Վերոնշեալ իրաւունքները դարեր շարունակ տարբեր իշխանութիւններու եւ տիրակալներու ժամանակաշրջաններուն իրագործուած են առանց որեւէ սահմանափակման: Ուստի, սոյն յայտարարութեամբ մենք մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակումներու որոշման դէմ եւ կը պահանջենք, որ այս տարի եւս, նախորդ տարիներուն պէս, «Լոյսի» արարողութիւնը կատարուի առանց հաւատացեալներու թիւի սահամանփակումներու:
«Իսրայէլի կառավարութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու կրօնական արարողութիւններու ազատութիւնը եւ կազմակերպելու անոնց անխափան իրականացումը: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը յարգէ այս յաձնառութիւնը եւ չեղեալ նկատէ սահմանափակումներու վերաբերեալ իր տուած որոշումը»: