ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Կորիւն վրդ. Պաղդասարեան 7 Դեկտեմբերին յայտնեց, թէ Երուսաղէմի հոգեւոր բոլոր պետերը միասնական նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Երուսաղէմի կարգավիճակին վերաբերեալ անոր յայտարարութեան առնչութեամբ:
«Կը կարծենք, որ այդ յայտարարութեան կրնան հետեւիլ բախումներ, նոր բռնութիւններ, եւ գոյութիւն ունեցող տառապանքը կրնայ աւելնալ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ըրած ենք վերանայելու իր յայտարարութիւնը», ըսաւ Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը:
Ան աւելցուց, որ նշեալ յայտարարութենէն ետք, որեւէ տեսակի լարուածութիւն անմիջական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ տեղւոյն հայերուն եւ Հայոց պատրիարքարանին վրայ:
«Մամուլէն տեղեկացանք, որ Պաղեստինի մէջ արդէն իսկ բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացուին: Մենք կը փափաքինք, որ կողմերը բանակցութիւններու միջոցով խնդիրը լուծեն», եզրակացուց ան: