ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի մէջ հրէական կազմակերպութիւններու ներկայացուցչական խորհուրդին կազմակերպած ընթրիքին ընթացքին յայտարարեց, թէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը «իսկակա՛ն սխալ» մըն էր, որ չնպաստեց պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերու լուծման:
«Թրամփի որոշումը որեւէ նորութիւն չբերաւ շրջանի կացութեան, եւ այդ շրջանին ապահովութիւնը չբարելաւեց։ Պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ հարցերը պէտք է լուծել երկխօսութեան ճամբով», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման յայտարարեց, թէ Իսրայէլի մէջ իր երկրին դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելը՝ իր արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է: