ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 9
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննթամթերքի պահանջուած գումարը, շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90.000 ամ․ տոլարի նուիրատւութեան, որուն մէկ մասը նաեւ պիտի տրամադրուի այլ ծրագիրներու։
Այս առիթով, շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ ցրւումի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ բոլոր ժամանակներուն նեցուկ կանգնած է՝ մասնակցելով կարիքաւոր ընտանիքներու աջակցութեան ճիգերուն եւ Առաջնորդարանի ծառայութիւններու ծաւալման նախաձեռնու-թիւններուն։
Վստահ ենք, որ բարերարին ներդրումը նիւթականի կողքին նաեւ բարոյապէս պիտի նպաստէ, որ ազգայիններուն եւ կառոյցներուն զօրակցութեան ճիգերը բազմապատկուին, որպէսզի հաւաքաբար վերականգնինք եւ շրջանցենք ընկերային,տնտեսական տագնապները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ