ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան 8 Մայիսին, միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ շեշտած են, թէ Եւրոմիութեան իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն համագործակցիլ Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, երկու կողմերուն միջեւ գործընկերութիւնը ընդարձակելու մասին համաձայնագիրի պայմանները իրականացնելու նպատակով։
Շնորհաւորելէ ետք Փաշինեանի ընտրութիւնը՝ անոնք շեշտած են, թէ նշեալ համաձայնագիրին իրականացումը նպատակ ունի ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու յարգումը, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի քաղաքացիներուն համար բարգաւաճող եւ կենսունակ պետութիւն մը ստեղծելու ջանքերուն:
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Փաշինեանին՝ վարչապետ ընտրուելուն կապակցութեամբ: «Կ՛ակնկալեմ, որ ձեր գործունէութիւնը նպաստէ մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ԱՊՀի, ԵԱՏՄի եւ ՀԱՊԿի ծիրէն ներս գործընկերային գործակցութեան ամրապնդման», ըսուած է Փութինի նամակին մէջ:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ եւս շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Նիկոլ Փաշինեանին, այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի նոյնպէս շնորհաւորած է Փաշինեանի ընտրութիւնը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ նախաձեռնութիւններուն մէջ։ «Վրաստան հաստատօրէն կը կանգնի եղբայրական Հայաստանի կողքին։ Կը հաւատամ, որ մեր երկիրներուն միջեւ զօրաւոր կապերն ու բարեկամութիւնը աւելիո՛վ պիտի սերտանան», աւելցուցած է ան։