ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կողմէն Սուրիոյ հիւսիսը՝ Եփրատի արեւելեան գօտիին մէջ իրականացուելիք զինուորական գործողութիւններուն լոյսին տակ, Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ ըրաւ՝ հեռու մնալու ռազմական ընտրանքէն: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս հարցին անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան բանբեր Մայա Քոսիյանչիչ՝ ըսելով. «Եւրոպական Միութիւնը, հասկնալով հանդերձ Թուրքիոյ ապահովական օրինական մտահոգութիւնները՝ կը յայտարարէ, որ սուրիական ճգնաժամը պէտք է լուծուի ոչ թէ ռազմական, այլ քաղաքական ճանապարհով»: Ըստ անոր՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը բռնկուելիք ռազմական գործողութիւնները վնաս պիտի հասցնեն ոչ միայն տեղւոյն խաղաղ բնակչութեան, այլ նաեւ հոն իրականացուող քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ այն յայտարարութիւններուն, թէ ռազմական գործողութիւններէն ետք սուրիացի գաղթականները պէտք է բնակեցուին այդ տարածքներուն վրայ՝ ան աւելցուց. «Մենք կը կարծենք, որ Սուրիոյ մէջ, առանց քաղաքական լուծում ապահովելու, անկարելի է փախստականները ետ ուղարկելու պայմաններ ստեղծել»:
Քոսիյանչիչ նաեւ տեղեկացուց, որ Սուրիոյ հարցը պիտի քննարկուի յաջորդ շաբաթ տեղի ունենալիք Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Էրտողան-Թրամփ հեռաձայնային զրոյցէն ետք ի յայտ եկած էր, որ ամերիկեան զինուած ստորաբաժանումները կը լքեն Սուրիոյ Եփրատ գետի արեւելեան հատուածը, ուր Թուրքիա կը պատրաստուի զինուորական գործողութիւններու դիմելու քրտական ուժերուն դէմ:
Աւելի ուշ, Սպիտակ տունը յայտնեց, որ թրքական բանակը մօտ օրէն մուտք պիտի գործէ հիւսիսային Սուրիա, եւ ցարդ տեղւոյն ամերիկեան բանակին հսկողութեան տակ մնացող «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ գերիները Թուրքիոյ պատասխանատուութեան տակ պիտի դրուին՝ նշելով. «Գերիները Թուրքիոյ յանձնելու որոշումը տրուած է իրենց քաղաքացիները ստանձնել մերժելնու Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ եւրոպական երկիրներու որոշումին պատճառով: Ամերիկեան բանակը պիտի չմասնակցի եւ պիտի չաջակցի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական գործողութեան»:
Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին յայտնեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «ապահով գօտի»ներուն նպատակը սահմանը ահաբեկչական տարրերէն մաքրելն է եւ գաղթականներուն Սուրիա վերադարձը»:
Մինչ այդ, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեց, թէ թրքական մօտալուտ յարձակումը պիտի ականահարէ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարը եւ անապատին մէջ թաքնուած ահաբեկիչներուն վերադարձը պիտի դիւրացնէ:
Նշենք, որ «Ռաշա Թուտէյ»ը հաղորդեց, որ ամերիկեան ուժերը իրենց ամբողջ սպառազինութեամբ հեռացած են Ռասուլ Այնի մէջ գտնուող Թալ Արքամի ռազմակայանէն:
Նաեւ, հակադարձելով ամերիկեան ուժերը հեռացնելու եւ Ամերիկայի դաշնակից քիւրտերը լքելու իր որոշումին դէմ քննադատութեանց՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտեց. «Եթէ Թուրքիա որեւէ քայլ առնէ, որ իմ մեծ ու աննման իմաստութեամբս նկատեմ չափը անցնող եւ արտօնելին շրջանցող է, ամբողջովին պիտի քանդեմ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը եւ զայն ճզմեմ»:
Փենթակոնը իր կարգին նշեց. «Ամերիկա չ՛աջակցիր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը եւս յայտնեց, թէ Ամերիկա չ՛աջակցիր Սուրիոյ մէջ սպասուող թրքական գործողութեան, «սակայն Թուրքիան կանգնեցնելու համար զինուորական քայլ պիտի չառնէ»:
Վերջապէս, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումս տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին: Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հեռանալ Սուրիոյ հիւսիսէն»: