Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունեց 19 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ 10 հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը հայրենիք: Ան այս առիթով գրառում մը կատարեց «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Մենք ջերմօրէն կ՛ողջունենք Պաքուի կողմէ 10 հայ արգելափակեալներու ազատ արձակումը Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ քննարկումներէն ետք: Կարեւոր մարդասիրական ժեսթ մը, որ ցոյց կու տայ վստահութիւնը ամրապնդելու փոխադարձ կամքը, ինչպէս որ քննարկուած է Պրիւքսելի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը դիւրացուցած է (գերիներու) տեղափոխումը Երեւան», գրեց Միշել:
Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իր կարգին անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ 10 հայ պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ուրախ եմ, որ կրցայ հայրենիք վերադարձնել 10 հայ զինուոր. Ազրպէյճանի կողմէ մարդասիրական խնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ կարեւոր ժեսթ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ երկու երկիրներուն հետ աշխատիլ` Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ յաջող հանդիպումներուն վրայ հիմնուելով յառաջ շարժելու համար»: