ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական խորհրդարանը 7 Յունիսին որդեգրեց Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյց մը, որուն միջոցաւ այդ երկիրը յորդորեց ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յարգել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը:
Զեկոյցին մէջ, որ ընդունուեցաւ 448 թեր, 67 դէմ եւ 107 ձեռնպահ ձայներով, անդրադարձ կը կատարուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող վերջին ջանքերուն: Մասնաւորապէս կը նշուի, որ խորհրդարանը «կ՛ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վերջին մերձեցման գործընթացը` երկկողմ յարաբերութիւններու սկսելու որոշման, յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելուն, երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքները վերսկսելուն վերաբերող»։
«Եւրոպական խորհրդարանը այս փորձը կը նկատէ խիստ դրական զարգացում, որ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանի բարեկեցութեան ու ապահովութեան վրայ, խորհրդարանը կը յորդորդէ կողմերը՝ յառաջ տանիլ այս ջանքերը` յանուն իրենց յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման եւ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան՝ աշխոյժ կերպով աջակցելու այս գործընթացին», կը նշուի զեկոյցին մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները յորդորեցին Թուրքիան՝ «ճանապարհ հարթելու թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտեցման համար` ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի կարգաւորումը, եւ լիարժէքօրէն յարգել հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները»: Զեկոյցին հեղինակները կը յայտնեն, թէ յոյս ունին, որ այդ քայլերը ուղի կը դառնան Հարաւային Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու լուծման: Եւրոպական խորհրդարանը՝ յղում կատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին` 15 Ապրիլ 2015ի, կառոյցին կողմէ ընդունուած բանաձեւին, անգամ մը եւս կը յորդորէ Թուրքիան՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ թէեւ Թուրքիա բազմիցս յայտարարած է Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու նպատակի մասին, այդուհանդերձ, վերջին երկու տարիներուն երկիրը հետեւողականօրէն նահանջած է անդամակցութեան գործընթացին վերաբերող իր պարտաւորութիւններուն մէջ. լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումներու փաստը: