ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Հարաւային Կովկասի հետ կապերու պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցերու Եւրոպական խորհրդարանի մնայուն զեկուցող, պատգամաւոր Անտրէյ Քովաչեւ եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ատրպէյճանի հարցերու մնայուն զեկուցող, պատգամաւոր Զելեանա Զովքօ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք անդրադարձան 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է աւելին ընել անհրաժեշտ հաշտեցման հասնելու համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն լուծման եւ տարածաշրջանի շուրջ ապագայ իրաւական կարգավիճակին յստակացումը կը մնայ նոյնքան անհրաժեշտ, որքան երբեւէ: Մենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղենք՝ յստակօրէն վերահաստատելու եւ պատրաստակամութիւն յայտնելու` դարձեալ ներգրաւուելու Մինսքի խումբի համանախագահներուն ղեկավարած գործընթացին մէջ` հիմնուած հիմնական սկզբունքներու վրայ, արտացոլացնելով Հելսինքիի եզրափակիչ աքտի` ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ», կը նշեն անոնք:
Խորհրդարանականները կը հաստատեն, որ Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ են աջակցելու։
«Զինադադարի համաձայնագիրի ամբողջական իրականացումը անհրաժեշտ առաջին քայլն է եւ ցաւալի է, որ ռազմագերիներու փոխանակումը տակաւին ամբողջութեամբ չիրականացաւ: Մենք կ՛ողջունենք մարտական գործողութիւններու աւարտէն ետք գերի առնուած քանի մը հայ զինուորներու ազատ արձակումը եւ կը դիմէ Ատրպէյճանին` մնացած գերիները ազատելու, որպէսզի վստահութիւնը վերակառուցուի: Մենք նաեւ կողմերը կը յորդորենք վերը նշուած նպատակներուն համար ապահովել միջազգային կազմակերպութիւններու անկաշկանդ մուտքը` մարդասիրական օգնութիւն եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու համար: Այս հարցերը կ՛ընդգծեն բազմակողմանի նոր ջանքերու անհրաժեշտութիւնը` հակամարտութեան կայուն լուծում գտնելու համար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: