ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դադրեցնէ անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները, որոնք «պատմական սխալ» էին, յայտարարեց Եւրոպական խորհրդարանի մեծագոյն կուսակցութեան՝ Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Մանֆրետ Վեպեր, կը գրէ «Թասս» լրատու գործակալութիւնը:
Ան աւելցուց, որ բանակցութիւնները Թուրքիան չեն կրցած մօտեցնել Եւրոպական Միութեան եւ ազդարարեց, որ Թուրքիա աւելի շատ կը հեռանայ եւրոպական արժէքներէն:
«Արեւելեան Միջերկրականին մէջ իրավիճակը կը սրի, Թուրքիա ապօրինի պեղումներ կը կատարէ հոն, անհիմն համաձայնագիրներ կը ստորագրէ Լիպիոյ հետ եւ մենք արդէն ականատես եղանք ֆրանսական նաւուն հետ ռազմական միջադէպին: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յստակօրէն հասկցնէ, որ Թուրքիոյ տարածքէն Յունաստան եւ Կիպրոս անօրինական գաղթականներու մուտքը Կիպրոսի եւ Յունաստանի հետ Թուրքիոյ երկկողմ հարցը չէ, այլ՝ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հարց է», եզրակացուց Վեպեր: