Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Վրաստանի աջակցութեամբ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցած են 12 յունիսին Ազրպէյճանի կողմէ 15 հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Հայաստանի կողմէ ականապատ տարածքներու քարտէսներու յանձնումին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
«Այս գործողութիւնները Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ կարեւոր մարդասիրական եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած ժեսթեր են, որոնք, յուսանք, նոր ուղի պիտի հարթեն կողմերուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան, ի վերջոյ, բոլոր հայ պահուող անձերու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ ականապատուած տարածքներու բոլոր գոյութիւն ունեցող քարտէսներու յանձնումին համար` խուսափելու համար հետագայ մարդկային զոհերէն», նշած է Պորել:
Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ միջազգային միւս դերակատարները աշխուժօրէն խրախուսած են այս ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելը եւ յորդորած շարունակել առնչուած երկիրներուն միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը այդ ուղղութեամբ:
«Մենք պիտի շարունակենք խթանել տագնապին կայուն եւ համակողմանի լուծումը, ներառեալ կարելիութեան պարագային իրականացնելով կայունացման, յետպատերազմեան վերականգնման եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլեր, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին մեր կոչը, վերստին ներգրաւուելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ առարկայական բանակցութիւններուն մէջ», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը: