Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ այժմ կը գտնուի Երեւան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգուած է վերջին շրջանին զինադադարի խախտումներով եւ Արցախ մուտք գործող կազի խողովակաշարին խնդիրով:
«Այդտեղ վերջին զարգացումները իսկապէս շատ մտահոգիչ են: Վերջին օրերուն ես այս խնդիրներուն վերաբերեալ քանի մը զրոյցներ ունեցած եմ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ: Բնականաբար, այս խնդիրները կը մտահոգեն Եւրոպական Միութիւնը:
«Շատ կարեւոր է, որ (Արցախ մուտք գործող) կազի խողովակը կարելի եղածին չափ շուտ վերանորոգուի, իսկ կրակոցները դադրին: Ես Երեւան եմ եւ այժմ այստեղ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ կ՛ունենամ: Այս խնդիրները բնականաբար, պիտի ըլլան հանդիպումներու համար օրակարգին վրայ», «Ազատութեան» յայտնած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը:
Քլաար նաեւ թուիթըրեան իր էջին վրայ գրառում կատարած է` նշելով, որ երկօրեայ հանդիպումներու համար Երեւան է: «Որովհետեւ միջազգային մթնոլորտը աւելի լարուած է, Եւրոպական Միութիւնը աւելի քան երբեւէ յանձնառու է խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի նպատակին նկատմամբ»: