ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար 21 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելով օժանդակելու տարածաշրջանին մէջ վստահութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի հաստատման գործընթացին:
Անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին եւ տարածաշրջանային այլ հարցերու՝ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցային գործընթացին վերսկսիլը:
Հայաստանի վարչապետը եւ ԵՄի յատուկ ներկայացուցիչը միտքեր փոխանակեցին երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ: Քննարկուեցան զանազան ձեւաչափերով, ներառեալ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ, փոխգործակցութեան խթանման հեռանկարները:
Թոյվօ Քլաար նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան վերաբերող հարցեր՝ ընդգծելով հետագայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ գագաթաժողովի աշխատանքներուն շուրջ:
Անոնք հանգամանալից կերպով քննարկեցին տարածաշրջանի ապահովութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցերը:
Միրզոյեան անդրադարձաւ յատկապէս Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմ հանդիպման, շեշտեց խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսելու կարեւորութիւնը: Երկուստեք շեշտեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ Արցախի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Նախարար Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ, հակառակ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքայիններ՝ շեշտելով վերջինները անյապաղ վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Յայտնենք, որ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը 19 Հոկտեմբերին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ: