Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոսեփ Պորել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու անյապաղ սկսելու կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին:
Ան ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը չի կրնայ ունենալ ռազմական լուծում: