Կիրակի գիշեր, Անգլիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ, Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Եուրօ-2020) աւարտականի ճակատումը:
1968-ին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած` Իտալիա, չորրորդ անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականի մրցումին: Անգլիա`առաջին:
Մրցումին իրաւարարն էր Պիորն Քուիփերս (Հոլանտա):
Մրցումին 2-րդ վայրկեանին, Քիերըն Թրիփիերի փոխանցումին շնորհիւ, Մանչեսթըր Եունայթըտի 25-ամեայ յետսապահ` Լուք Շօ յառաջ մղեց անգլիացիները:
Այդ կոլէն ետք, Իտալիա փորձեց պատասխանել, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով:
64-րդ վայրկեանին սակայն, Իտալիա նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը, շնորհիւ, Եուվենթուսի 34 տարեկան յետսապահ` Լէոնարտօ Պոնուչիի:
Նշենք, որ իտալացիք իրենց նշանակած կոլէն ետք, շատ աւելի փայլուն խաղարկութիւն ցուցադրեցին եւ աւելի վտանգաւոր պահեր ստեղծեցին, քան՝ անգլիացիք:
Մրցումին 90 վայրկեաններուն նման, հաւասարութեամբ աւարտեցան նաեւ երկարաձգումի 30 վայրկեանները:
Դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթի-ներուն: Իտալիա՝ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անգլիան: