ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Պատմութեան անցած են անցեալ Ապրիլի 24ն ու իր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին ոգեկոչման աշխարհատարած հայութեամբ մեր վառած 100րդ մոմը: Նոյնպէս պատմական դարձած են աշխարհի հրապարակներու վրայ արդարութեան եւ պահանջատիրութեան մեր կատարած բոլոր ցոյցերը: Վերջ գտած են նաեւ 20րդ դարու մեծ ոճիրին մասին հայ եւ օտար դէմքերու արտասանած ճառերը, խունկով ու աղօթքով մեր մատուցած հոգեհանգստեան արարողութիւններն ու ջահերով հաստատակամ մեր քայլարշաւները:
Աւելին՝ հայրենի եւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող յուշահամալիրներու եւ յուշակոթողներու նուիրուած ծաղկեպսակներու միլիոնաւոր ծաղիկներն ու մեխակները արդէն շատոնց թառամած են: Բայց այս բոլորով հանդերձ, հպարտօրէն կրնանք ըսել, թէ մեզի ժառանգ ինկած աւանդն ու պատգամը գիտակցօրէն յարգելով, կրկին անգամ պողպատած ենք մեր հոգիներուն մէջ՝ համայն աշխարհին պարզելով, թէ մեր պայքարի զէնքը մեր ոգին է եւ ապրելու կամքը:
Բայց… ինչ կրնանք ընել, եթէ արդարութիւնը այս տարի եւս մեզի չհասաւ: Թէեւ մեր բողոքները, քայլարշաւներն ու ցոյցերը աշխարհի կոյր ու քնաթաթախ էութիւնը ցնցեցին, բայց տակաւին Ցեղասպանութիւնը մնաց իբրեւ վէրք մը մարդկային խղճմտանքին մէջ: Բայց եւ այնպէս այս վէրքը միայն կրնայ սպիանալ արդար յատուցումովը մեր ժողովուրդի բոլոր պահանջներուն:
Եւ վերջապէս, հաւատալով հանդերձ, որ օր մը, ուշ կամ կանուխ, արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, 2015ի Ապրիլին մեր անցեալը մեր ներկային մէջ ապրեցուցինք ճակատաբաց: Մնացեալը դուք գիտէք արդէն, անոնց շարունակութիւնը միայն կրկնութիւններ պիտի ըլլան: Պրաւօ:
Ահա այս բոլորէն շաբաթներ ետք, անձնապէս կը փորձեմ նոր գալիք Ապրիլներու մասին մտածել, որովհետեւ Ապրիլ ամիսը մեզի համար ուղենիշ ըլլալու կողքին՝ դարձակէտ ալ է:
Ու հակառակ այս երեւոյթներուն, այս տարի գարունը կամ անոր Ապրիլ ամիսը տարբեր հովով մը մեր աշխարհի յիշողութեան ծալքերուն վրայ դարձաւ «հայկական ամիս» ու այս մակդիրով ալ, ուզեն կամ չուզեն, մտաւ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ:
Ապրիլ ամիս՝ հայկական ամիս: Միտքս պարզեմ. իբրեւ առաջին մեծ նախաձեռնող, պատիւ իրեն, Հռոմի սրբազան պապը Ապրիլ 12ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ոչ միայն պատմական պատարագ մատուցեց, այլեւ իբրեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ, իր քարոզ-ուղերձին մէջ յստակօրէն յիշեց եւ շեշտեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, զայն որակելով իբրեւ 20րդ դարու առաջին աննախադէպ ողբերգութիւնը: Եւ ապա, նոյն Ապրիլին, Ցեղասպանութեան նուիրուած զանազան ազգային եւ միջազգային գիտաժողովներ տեղի ունեցան:
Իսկ աւելին՝ պատմական այս յիշատակարանի 100րդ օրուան նախօրեակին, հայրենի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու նպատակով Հայաստան ժամանած աշխարհի չորս նախագահները՝ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ օտար երկիրներու պաշտօնական պատուիրակներ, իրենց ելոյթներով հանդէս գալով, այս միջոցառումը դարձուցին կրկին անգամ պատմական:
Իրականութիւն է, որ Հայաստան այսօր ունի հին ու նոր դաշնակիցներ: Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Ռուսիոյ շարքին՝ իբրեւ հոգեւոր միասնութեան վկայ, կանգնած է նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցին: Այս վերջինը, դարձեալ պատիւ իրեն, շնորհիւ իր սրբազան քահանայապետին՝ մեր սուրբերէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այս ինքնին, արդէն մեծ եւ կարեւոր նշանակութեան գործօն է մեր ժողովուրդի մղած պայքարի դաշտին վրայ:
Անշուշտ, այս բոլորը կ՛ապացուցեն, թէ Հայկական Հարցը արդէն իսկ վերադարձած է Եւրապայի օրակարգին վրայ: Միւս կողմէ, կը կարծեմ, որ քաղաքական կեանքի մէջ միշտ պէտք է նկատի ունենալ եւ հաշուի առնել աշխարհակարգին պարտադրուած խաղի օրէնքները:
Այսպէս, 1915ին, երբ մեր ժողովուրդին դէմ կը գործադրուէր մեծ ոճիրը, անդին, 1921ին կը կնքուէր Լենին-Աթաթուրք համագործակցութեան դաշինքը: Մէկ խօսքով՝ ռուս-թրքական պայմանագիրը, որ մինչեւ օրս «ուժ»ի մէջ է:
Նաեւ, ի մտի ունենալով, թէ ներկայիս աշխարհի մեծերը Թուրքիոյ վիճակած են կարեւոր դեր Միջին Արեւելիքի մէջ: Այս մէկը գաղտնիք մը չէ երբեք: Բացայայտ է եւ տեսանելի է: Թուրքիա հաստատապէս կ՛ուզէ ղեկավարել իսլամ աշխարհը: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ նոյն տարաշրջանի անվտանգութեան փոփոխութեան հարցը, քիւրտերու իրավիճակն ու նոր երկիր մը ունենալու մարմաջը, Իրանի ու Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական «ախորժակները» կամ այսպէս կոչուած նոր Օսմանեան պետութիւն մը՝ ընդդէմ պարսկականին եւ արաբականին:
Յիշենք նաեւ, որ նախագահներ Փութինն ու Հոլանտը, Ծիծեռնակաբերդի փէշերուն՝ իրենց պատմական ճառերուն մէջ, իբրեւ մեր մեծ ողբերգութեան յանցագործ՝ թուրք անունը երբեք չյիշեցին: Միւս կողմէ ալ Գերմանիոյ խորհրդարանը, Անգլիոյ կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը առաժմ կը ձգձգեն մեր հարցը պաշտօնապէս ճանչնալու օրակարգը, որովհետեւ իրենց արտաքին շահերը այդպէս կը պահանջեն:
Թէեւ բոլորն ալ կը գիտակցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ուշ կամ կանուխ պիտի հասնի, բայց հիմա, այս օրերուն այնպէս կ՛երեւի, թէ տակաւին այս մէկը իրենց օրակարգի նիւթ չէ:
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեր ազգային ողբերգութիւնը ճանչնալու հարցը վերածուած է քաղաքական առուծախի: Այս եւ նման որդեգրումներով է, որ պէտք եղած ժամանակ Ուաշինկթըն, Փարիզ, Մոսկուա, Լոնտոն կամ Պերլին, իրենց շահերէն մեկնած՝ ճնշում կրնան բանեցնել Թուրքիոյ վրայ:
Բայց ինչ որ ալ ըլլան քաղաքական մեծ ու փոքր խաղերը, գիտնալով հանդերձ, որ մենք ո՛չ ծով ունինք եւ ոչ ալ նաւթահորեր, 2015ի Ապրիլ 24ին ազգովին համայն աշխարհին ոչ միայն փաստեցինք, այլ նաեւ հաստատեցինք, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անցեալ մը չէ. արդէն աշխարհի կէսը գրեթէ զայն ճանչցած է իբրեւ մեր ժողովուրդի իրաւունքն ու վիշտը:
Անշուշտ, այս ճանաչման ճանապարհին շարունակումը կախեալ է մեզմէ, մեր հաւատքէն եւ մեր գործելու եղանակէն, եւ որպէսզի ապագայ նոր սերունդը չմսի մեր վառած մոմերուն բոցերը պահելու անհրաժեշտութենէն:
Բայց ինծի համար էականը՝ ամէն տարի, Ապրիլ ամիսը, «հայկական ամիս» դարձնել ու պահելն է: Մնացեալը՝ դարձեալ կրկնութիւն պիտի ըլլայ, դուք արդէն գիտէք, ձեր ճիտին պարտքն է: