Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներուն Համաշխարհային Խորհուրդը (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նշեալ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը իր ունեցած երկար տարիներու միջ-եկեղեցական փորձառութեան լոյսին տակ պարզեց իր տեսակէտը:
Յայտնենք, որ պատուիրակութեան հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առանձին հանդիպում ունեցաւ Ե.Հ.Խ.ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաուքայի հետ: