Ռուսիան Շուէտին եւ Ֆինլանտային յայտնած է անոնց` ՕԹԱՆ-ին հաւանական անդամակցութեան հետեւանքներուն մասին բոլոր նախազգուշացումները: «Թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Պրիւքսելը, Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ, երկար ժամանակ Շուէտը եւ Ֆինլանտան ներքաշած է իրենց կառոյցներուն մէջ, տարատեսակ միջոցներ ձեռնարկուած են ռազմափորձերու կամ վարժանքներու անուան տակ` զանոնք իրողապէս ներգրաւելու համար: Մենք բոլոր զգուշացումները կատարած ենք` թէ՛ հրապարակային, թէ՛ երկկողմանի ուղիներով: Անոնք գիտեն այդ մասին, ուստի զարմանալու ոչինչ կայ: Անոնք տեղեկացուած են ամէն ինչի մասին, թէ ատիկա ինչի՛ պիտի յանգեցնէ», ըսաւ Զախարովա:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ նախապէս յայտարարած էր, որ Ֆինլանտան եւ Շուէտը կրնան յոյս դնել արագացուած ընթացակարգով ՕԹԱՆ-ին անդամակցելուն վրայ: