Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութիւնը եռանդուն ջանքեր կը գործադրեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութիւնը փարատելու ուղղութեամբ: Այդ մասին զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` ընդգծելով, որ ռուս խաղաղապահները կը գործեն` խստօրէն հետեւելով 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն:
«Պատասխանելով «Տը Մոսքօ Փոսթ» օրաթերթի լրագրողի այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիի շփման գիծին մէջ եւ կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ ատիկա սադրանք է Ազրպէյճանի կողմէ, թերեւս նոյնիսկ Թուրքիոյ հրահրումով` «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» նպատակով, քանի դեռ Ռուսիան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Ուքրանիոյ վրայ, Զախարովա պատասխանած է հետեւեալը. «Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ մեր երկրի դիրքորոշումը արտայայտուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 26 մարտի յայտարարութեան մէջ: Եթէ նայիք այդ յայտարարութեան, ապա կը տեսնէք, որ մենք թախանձագին կոչ ուղղած ենք կողմերուն ապահովելու 9 նոյեմբեր 2020-ի բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անշեղ կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակի եւ զինուորական բոլոր գործողութիւններու լիարժէք դադրեցման մասին»:
Ըստ Զախարովայի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ տեղւոյն իրավիճակի մասին նորագոյն տեղեկատուութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրապարակուի: