ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յատկանշական նախաձեռնութեամբ մը, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ գտնուող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակներուն դիմաց, հայեր եւ անոնց սատարող օտարներ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ դատապարտելով Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիներուն կացութիւնը, որ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու կոպիտ խախտում է։
Բողոքի լուռ նստացոյց կազմակերպուեցաւ Երեւանի եւ Ժընեւի մէջ՝ ՄԱԿի գրասենեակին դիմաց, իսկ նման նախաձեռնութիւններ գործադրուեցան նաեւ Թորոնթոյի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Հիւսթընի, Հռոմի, Համպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ:
Զուիցերաբնակ գործիչ, երաժշտութեան արտադրող Անի Գասպարեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կազմակերպած բողոքի լուռ նստացոյցին մասնակցող քանի մը տասնեակ մարդիկ բարձրացուցին պաստառներ` կոչ ուղղելով ազատ արձակելու հայ գերիները:
Համայնքի քանի մը անդամներ ելոյթ ունեցան՝ կոչ ուղղելով ՄԱԿին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու անտարբեր չմնալու եւ զբաղելու հայ գերիներու հարցով: