ՊԱՔՈՒ, «Մինվալ»․- «Զանգեզուրի միջանցքը պիտի դառնայ նոր միջանցք եղբայրական Փաքիստանէն դէպի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան», Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ յայտարարեց խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա, Ատրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու նախագահներու առաջին եռակողմ հանդիպումէն ետք:
Խորհրդարաններու նախագահները եռակողմ հանդիպումին աւարտին ստորագրեցին Պաքուի հռչակագիրը:
Կաֆարովա նշեց, որ Պաքուի հռչակագիրը պիտի նպաստէ երեք երկիրներու ռազմավարական կապերու ամրապնդման: